ՀՀ-ն ընդառաջած է Ատրպէյճանի ԶՈՒ խնդրանքին. ՀՀ տարածքէն տարհանուած է զոհուած ատրպէյճանցի զինծառայողի դին

19 Փետրուարին, ատրպէյճանական կողմի խնդրանքով,  ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրշիկի միջնորդութեամբ եւ ԿԽՄԿ աջակցութեամբ, Մովսէս գիւղի հատուածին, ՀՀ ԶՈՒ եւ Ատրպէյճանի ԶՈՒ միջդիրքային տարածքին մէջ ատրպէյճանական ականազերծման խումբի կողմէ իրականացուած են օրեր առաջ անյայտ հանգամանքներու մէջ կորած ատրպէյճանցի զինծառայողի որոնողական աշխատանքներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ՊՆ լրատուական ծառայութիւնը։ Աշխատանքներու շնորհիւ, ատրպէյճանական դիրքերէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ յայտնաբերուած եւ տարհանուած են զոհուած ատրպէյճանցի զինծառայողի մասունքները: Հայկական կողմէ թոյլատրուած գործողութեան ողջ ընթացքին ատրպէյճանական որոնողական խումբի աշխատանքներուն համար ապահովուած են անվտանգութեան բոլոր պայմանները:
20 Փետրվարի 2020
2 ր. ընթերցում
ՀՀ-ն ընդառաջած է Ատրպէյճանի ԶՈՒ խնդրանքին. ՀՀ տարածքէն տարհանուած է զոհուած ատրպէյճանցի զինծառայողի դին

19 Փետրուարին, ատրպէյճանական կողմի խնդրանքով,  ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրշիկի միջնորդութեամբ եւ ԿԽՄԿ աջակցութեամբ, Մովսէս գիւղի հատուածին, ՀՀ ԶՈՒ եւ Ատրպէյճանի ԶՈՒ միջդիրքային տարածքին մէջ ատրպէյճանական ականազերծման խումբի կողմէ իրականացուած են օրեր առաջ անյայտ հանգամանքներու մէջ կորած ատրպէյճանցի զինծառայողի որոնողական աշխատանքներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ՊՆ լրատուական ծառայութիւնը։

Աշխատանքներու շնորհիւ, ատրպէյճանական դիրքերէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ յայտնաբերուած եւ տարհանուած են զոհուած ատրպէյճանցի զինծառայողի մասունքները:

Հայկական կողմէ թոյլատրուած գործողութեան ողջ ընթացքին ատրպէյճանական որոնողական խումբի աշխատանքներուն համար ապահովուած են անվտանգութեան բոլոր պայմանները:

Ձիւնի տակ մնացած զինուորներուն Նախագահը յետմահու պարգեւատրած է
Նախորդ նիւթը

Ձիւնի տակ մնացած զինուորներուն Նախագահը յետմահու պարգեւատրած է

«Այո»-ի շտապը դրամահաւաք պիտի իրականացնէ
Յաջորդ նիւթը

«Այո»-ի շտապը դրամահաւաք պիտի իրականացնէ

ԱնցնիլՎեր