ՀՀ պաշտպանութեան նախարարն այցելած է Զինուած Ուժերու ուսումնական զօրամաս

Ապրիլ 27-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան աշխատանքային այցով եղած է Զինուած Ուժերու ուսումնական զօրամասերէն մէկուն մէջ: Սուրէն Պապիկեանը շրջած է զօրամասի տարածքին եւ ուսումնական մասնաշէնքին մէջ, զրուցած է ժամկէտային զինուորներու հետ, հետեւած է ուսումնական դասընթացքներու ընթացքին: Զօրամասի հրամանատար, գնդապետ Դաւիթ Ալեքսանեանը պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարին ներկայացուցած է զօրամասին կառուցուածքն ու գործառոյթները: Պաշտպանութեան նախարարը զօրամասին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած եւ ծաղիկներ խոնարհած է Հայաստանի ազգային հերոս Վահագն Ասատրեանի եւ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուած ու անյայտ կորսուած զինուորներուն յիշատակը յաւերժացնող խաչքարերուն մօտ: Նոյն օրը, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը եղած է նաեւ «Բաղրամեան» զօրավարժարանին մէջ, հետեւած է հայրենական ռազմարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններէն մէկուն նախագծած
28 Ապրիլի 2022
3 ր. ընթերցում
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարն այցելած է Զինուած Ուժերու ուսումնական զօրամաս

Ապրիլ 27-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան աշխատանքային այցով եղած է Զինուած Ուժերու ուսումնական զօրամասերէն մէկուն մէջ:

Սուրէն Պապիկեանը շրջած է զօրամասի տարածքին եւ ուսումնական մասնաշէնքին մէջ, զրուցած է ժամկէտային զինուորներու հետ, հետեւած է ուսումնական դասընթացքներու ընթացքին: Զօրամասի հրամանատար, գնդապետ Դաւիթ Ալեքսանեանը պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարին ներկայացուցած է զօրամասին կառուցուածքն ու գործառոյթները:

Պաշտպանութեան նախարարը զօրամասին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած եւ ծաղիկներ խոնարհած է Հայաստանի ազգային հերոս Վահագն Ասատրեանի եւ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուած ու անյայտ կորսուած զինուորներուն յիշատակը յաւերժացնող խաչքարերուն մօտ:

Նոյն օրը, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը եղած է նաեւ «Բաղրամեան» զօրավարժարանին մէջ, հետեւած է հայրենական ռազմարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններէն մէկուն նախագծած հարուածային անօդաչուներու փորձարկումներուն:

Պրիւքսէլի մէջ վանտալիզմի ենթարկուած է Հայոց Ցեղասպանութեան խաչքար յուշարձանը
Նախորդ նիւթը

Պրիւքսէլի մէջ վանտալիզմի ենթարկուած է Հայոց Ցեղասպանութեան խաչքար յուշարձանը

Թուրք ազգայնական կուսակցապետը սպառնացած է Փայլանին եւ «խորհուրդ տուած» լքել Թուրքիան
Յաջորդ նիւթը

Թուրք ազգայնական կուսակցապետը սպառնացած է Փայլանին եւ «խորհուրդ տուած» լքել Թուրքիան

ԱնցնիլՎեր