ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է

Հետախուզում յայտարարուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանի նկատմամբ։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Դատախազութենէն: Նշենք, որ Վիգէն Սարգսեան կը մեղադրուի պաշտօնէական լիազօրութիւնները անցնելու մեղադրանքով: Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը աւելի վաղ բաւարարած էր ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանը կալանաւորելու միջնորդութիւնը: Ըստ իրաւապահներու՝ ան 2018 թուականի յունուարին պաշտպանական գերատեսչութեան հաշուեկշռին մէջ գտնուող շէնքի բնակարաններու բաշխման գործընթացին մէջ դիտաւորութեամբ կատարած է իր լիազօրութիւններու շրջանակէն ակնյայտօրէն դուրս գործողութիւններ: Դատախազութիւնը վարոյթը իրականացնող մարմնին յանձնարած է միջոցներ ձեռնարկել Սարգսեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարելու ուղղութեամբ:
16 Փետրվարի 2023
2 ր. ընթերցում
ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է

Հետախուզում յայտարարուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանի նկատմամբ։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Դատախազութենէն:

Նշենք, որ Վիգէն Սարգսեան կը մեղադրուի պաշտօնէական լիազօրութիւնները անցնելու մեղադրանքով: Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը աւելի վաղ բաւարարած էր ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանը կալանաւորելու միջնորդութիւնը:

Ըստ իրաւապահներու՝ ան 2018 թուականի յունուարին պաշտպանական գերատեսչութեան հաշուեկշռին մէջ գտնուող շէնքի բնակարաններու բաշխման գործընթացին մէջ դիտաւորութեամբ կատարած է իր լիազօրութիւններու շրջանակէն ակնյայտօրէն դուրս գործողութիւններ:

Դատախազութիւնը վարոյթը իրականացնող մարմնին յանձնարած է միջոցներ ձեռնարկել Սարգսեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարելու ուղղութեամբ:

Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովին
Նախորդ նիւթը

Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովին

Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին հարկաւոր է լարուածութիւնը թուլացնելու ուղի գտնել. Փրայս
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին հարկաւոր է լարուածութիւնը թուլացնելու ուղի գտնել. Փրայս

ԱնցնիլՎեր