ՀՀ Վարչապետ Փաշինեան ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները

Հինգշաբթի՝ 25 Յունիս, 2022-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ընկերներ՝ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:                   Հանդիպման, Վարչապետը ողջունելով վարչական ընկերները, շնորհաւորեց կուսակցութեան հիմնադրման 100-րդ տարեդարձի առթիւ եւ կարեւորեց ՌԱԿ-ի դերը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնեց, որ ՌԱԿ-ն առաջիկային աւելի աշխոյժ կը շարունակէ գործունէութիւնը Սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ: Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան նշեց, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան՝ ի նպաստ Հայրենիքի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման եւ առաջընթացին: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ՌԱԿ գործունէութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու
4 Հուլիսի 2022
3 ր. ընթերցում
ՀՀ Վարչապետ Փաշինեան ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները

Հինգշաբթի՝ 25 Յունիս, 2022-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ընկերներ՝ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Հանդիպման, Վարչապետը ողջունելով վարչական ընկերները, շնորհաւորեց կուսակցութեան հիմնադրման 100-րդ տարեդարձի առթիւ եւ կարեւորեց ՌԱԿ-ի դերը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնեց, որ ՌԱԿ-ն առաջիկային աւելի աշխոյժ կը շարունակէ գործունէութիւնը Սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ:

Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան նշեց, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան՝ ի նպաստ Հայրենիքի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման եւ առաջընթացին:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ՌԱԿ գործունէութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցերուն:

Պատուիրակութիւնը Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին նուիրեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրման 100-ամեակի առթիւ թողարկուած յուշադրամ։
 

ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեան հանդիպումը ՀՀ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին հետ
Նախորդ նիւթը

ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեան հանդիպումը ՀՀ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին հետ

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան ՀՀ ԱԺ Նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հետ
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան ՀՀ ԱԺ Նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հետ

ԱնցնիլՎեր