ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան ՀՀ ԱԺ Նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հետ

Չորեքշաբթի՝ 29 Յունիս, 2022-ին,  ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: ՀՀ ԱԺ նախագահը շնորհաւորեց պատուիրակները Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 100-ամեակի առթիւ` մաղթելով աշխոյժ եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն: Ալեն Սիմոնեանն ընդգծեց մէկդարեայ կուսակցութեան կենսունակութեան եւ աւանդոյթներու պահպանման կարեւորութիւնը եւ ժողովրդավարական արժէքներուն հաւատարիմ մնալը: ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին օրերս ԱԺ բակին մէջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրման 100-ամեայ յոբելեանին նուիրուած միջոցառմանն աջակցելու համար: Մտքեր փոխանակուեցան Հայկական սփիւռքի մէջ` ներառեալ Մերձաւոր Արեւելքը, Եւրոպան, Ամերիկան եւ Աւստրալիան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան պատմական եւ ներկայ գործունէութեան ու ծրագրերու շուրջ: Հանդիպման աւարտին ՌԱԿ ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանը
4 Հուլիսի 2022
3 ր. ընթերցում
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան ՀՀ ԱԺ Նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հետ

Չորեքշաբթի՝ 29 Յունիս, 2022-ին,  ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

ՀՀ ԱԺ նախագահը շնորհաւորեց պատուիրակները Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 100-ամեակի առթիւ` մաղթելով աշխոյժ եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն: Ալեն Սիմոնեանն ընդգծեց մէկդարեայ կուսակցութեան կենսունակութեան եւ աւանդոյթներու պահպանման կարեւորութիւնը եւ ժողովրդավարական արժէքներուն հաւատարիմ մնալը:

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին օրերս ԱԺ բակին մէջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրման 100-ամեայ յոբելեանին նուիրուած միջոցառմանն աջակցելու համար:

Մտքեր փոխանակուեցան Հայկական սփիւռքի մէջ` ներառեալ Մերձաւոր Արեւելքը, Եւրոպան, Ամերիկան եւ Աւստրալիան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան պատմական եւ ներկայ գործունէութեան ու ծրագրերու շուրջ:

Հանդիպման աւարտին ՌԱԿ ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանը կուսակցութեան 100-ամեայ խորհրդանշական յուշամետալ նուիրեց ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանին:

ՀՀ Վարչապետ Փաշինեան ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները
Նախորդ նիւթը

ՀՀ Վարչապետ Փաշինեան ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները

ՌԱԿ Պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեանի հետ
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ Պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեանի հետ

ԱնցնիլՎեր