ՌԱԿ Պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեանի հետ

Չորեքշաբթի՝ 29 Յունիս, 2022-ին,  ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեանը ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ողջունելով Վարչութեան անդամները՝ Յակոբ Արշակեան շնորհաւորեց կուսակցութեան հիմնադրման 100-ամեակի կապակցութեամբ, կարեւորեց ՌԱԿ-ի անցած ճանապարհն ու դերը պետականաշինութեան եւ հայապահպանութեան գործին մէջ: ԱԺ փոխնախագահն անդրադարձաւ ՌԱԿ-ի գործունէութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցերուն: ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները հաւաստիացուցին, որ հայանպաստ նախաձեռնութիւններու իրագործման ճանապարհին պատրաստ են աջակցելու Հայաստանի իշխանութիւններուն: Անոնք յատկապէս կարեւորեցին այն հանգամանքը, որ կուսակցութեան հիմնադրման 100-ամեայ յոբելեանին նուիրուած միջոցառումը կայացաւ ԱԺ շրջափակին մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին խորհրդարանի ղեկավարութեանն այս հարցով աջակցելու համար:
4 Հուլիսի 2022
3 ր. ընթերցում
ՌԱԿ Պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեանի հետ

Չորեքշաբթի՝ 29 Յունիս, 2022-ին,  ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեանը ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ողջունելով Վարչութեան անդամները՝ Յակոբ Արշակեան շնորհաւորեց կուսակցութեան հիմնադրման 100-ամեակի կապակցութեամբ, կարեւորեց ՌԱԿ-ի անցած ճանապարհն ու դերը պետականաշինութեան եւ հայապահպանութեան գործին մէջ: ԱԺ փոխնախագահն անդրադարձաւ ՌԱԿ-ի գործունէութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցերուն:

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները հաւաստիացուցին, որ հայանպաստ նախաձեռնութիւններու իրագործման ճանապարհին պատրաստ են աջակցելու Հայաստանի իշխանութիւններուն: Անոնք յատկապէս կարեւորեցին այն հանգամանքը, որ կուսակցութեան հիմնադրման 100-ամեայ յոբելեանին նուիրուած միջոցառումը կայացաւ ԱԺ շրջափակին մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին խորհրդարանի ղեկավարութեանն այս հարցով աջակցելու համար:

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան ՀՀ ԱԺ Նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հետ
Նախորդ նիւթը

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան ՀՀ ԱԺ Նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հետ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Յանուն Հանրապետութեան կուսակցութեան պատուիրակութիւններու հանդիպում՝ Երեւանի մէջ
Յաջորդ նիւթը

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Յանուն Հանրապետութեան կուսակցութեան պատուիրակութիւններու հանդիպում՝ Երեւանի մէջ

ԱնցնիլՎեր