Հոլանտա դեսպանատուն պիտի բանայ Երեւանի մէջ

Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին մէջ հրապարակուած է Հայաստանի մէջ դեսպանութիւն բանալու հիմնաւորումը: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին գրառում կատարած է Հոլանտայի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Բալայեանը: «Հայաստանը կը գտնուի Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ, հետեւաբար ռազմավարական կարեւորութիւն ունի: 2018 թուականի ապրիլին, այսպէս կոչուած, թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք նոր կառավարութիւնը կ’արդիականացնէ երկիրը եւ կը պայքարի փտածութեան դէմ: Հոլանտան կրնայ աջակցիլ այս գործընթացին: Այս պահուն Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ միակ երկիրն է, ուր Հոլանտան դեսպանատուն չունի: Ներկայացուցիչներու պալատը կ’ուզէ դեսպանատուն բանալ նաեւ Երեւանի մէջ»,- ըսուած է հիմնաւորման մէջ:
16 Դեկտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Հոլանտա դեսպանատուն պիտի բանայ Երեւանի մէջ

Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին մէջ հրապարակուած է Հայաստանի մէջ դեսպանութիւն բանալու հիմնաւորումը: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին գրառում կատարած է Հոլանտայի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Բալայեանը:

«Հայաստանը կը գտնուի Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ, հետեւաբար ռազմավարական կարեւորութիւն ունի: 2018 թուականի ապրիլին, այսպէս կոչուած, թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք նոր կառավարութիւնը կ’արդիականացնէ երկիրը եւ կը պայքարի փտածութեան դէմ: Հոլանտան կրնայ աջակցիլ այս գործընթացին: Այս պահուն Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ միակ երկիրն է, ուր Հոլանտան դեսպանատուն չունի: Ներկայացուցիչներու պալատը կ’ուզէ դեսպանատուն բանալ նաեւ Երեւանի մէջ»,- ըսուած է հիմնաւորման մէջ:

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ Կ. Պոլսոյ նորընտիր Պատրիարքը
Նախորդ նիւթը

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ Կ. Պոլսոյ նորընտիր Պատրիարքը

Wizz Air-ը Ապրիլէն թռիչքներ պիտի իրականացնէ դէպի Վիեննա եւ Վիլնիւս. Գիները կը սկսին 25 եւրոյէն
Յաջորդ նիւթը

Wizz Air-ը Ապրիլէն թռիչքներ պիտի իրականացնէ դէպի Վիեննա եւ Վիլնիւս. Գիները կը սկսին 25 եւրոյէն

ԱնցնիլՎեր