Հոկտեմբերին նախատեսուած «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութիւնները չեղեալ յայտարարուեցան

Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի որոշմամբ, Հոկտեմբերին նախատեսուած «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութիւնները պիտի չկայանան։ Այս մասին յայտնած է Երեւանի քաղաքապետարանի մամուլի խօսնակ Յակոբ Կարապետեանը: Երեւան քաղաքի 2021թ. պիւտճէով «Էրեբունի-Երեւան»-ի համար նախատեսուած ֆինանսական միջոցները պիտի ուղղուին «100 տուն Արցախում» ծրագրի աջակցման, ինչպէս նաեւ՝ Երեւանի մշակութային հաստատութիւններու զարգացման ծրագրերուն։ Մասնաւորապէս, միջոցներ պիտի յատկացուին «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի եւ 90-ամեայ յոբելեանը նշող Երեւանի պատմութեան թանգարանի արդիականացման ծրագրերուն: «100 տուն Արցախում» նախագիծը Հանրային հեռուստաընկերութեան եւ «Ապրելու Արցախ» հիմնադրամի համատեղ ծրագիրն է։ Նպատակն է բնակարանով ապահովել պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած եւ տունը կորսնցուցած արցախցիներուն: Բնակարանները պիտի կառուցուին Ստեփանակերտէն 16 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ասկերանի Տահրաւ գիւղի հարեւանութեամբ: Շինարարական աշխատանքները Յունիսէն
18 Օգոստոսի 2021
3 ր. ընթերցում
Հոկտեմբերին նախատեսուած «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութիւնները չեղեալ յայտարարուեցան

Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի որոշմամբ, Հոկտեմբերին նախատեսուած «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութիւնները պիտի չկայանան։ Այս մասին յայտնած է Երեւանի քաղաքապետարանի մամուլի խօսնակ Յակոբ Կարապետեանը:

Երեւան քաղաքի 2021թ. պիւտճէով «Էրեբունի-Երեւան»-ի համար նախատեսուած ֆինանսական միջոցները պիտի ուղղուին «100 տուն Արցախում» ծրագրի աջակցման, ինչպէս նաեւ՝ Երեւանի մշակութային հաստատութիւններու զարգացման ծրագրերուն։

Մասնաւորապէս, միջոցներ պիտի յատկացուին «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի եւ 90-ամեայ յոբելեանը նշող Երեւանի պատմութեան թանգարանի արդիականացման ծրագրերուն:

«100 տուն Արցախում» նախագիծը Հանրային հեռուստաընկերութեան եւ «Ապրելու Արցախ» հիմնադրամի համատեղ ծրագիրն է։ Նպատակն է բնակարանով ապահովել պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած եւ տունը կորսնցուցած արցախցիներուն: Բնակարանները պիտի կառուցուին Ստեփանակերտէն 16 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ասկերանի Տահրաւ գիւղի հարեւանութեամբ: Շինարարական աշխատանքները Յունիսէն արդէն մեկնարկած են։

Հայաստանը պիտի պաշտպանէ իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը. ԱԳՆ
Նախորդ նիւթը

Հայաստանը պիտի պաշտպանէ իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը. ԱԳՆ

Արտաքին հետախուզական ծառայութեան ստեղծումէն մինչեւ աղքատութեան կրկնակի նուազեցում․ հաստատուած է կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրը
Յաջորդ նիւթը

Արտաքին հետախուզական ծառայութեան ստեղծումէն մինչեւ աղքատութեան կրկնակի նուազեցում․ հաստատուած է կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրը

ԱնցնիլՎեր