Հրադադարի պայմանաւորուածութեան ուժի մէջ մտնելէն ետք ատրպէյճանական կողմը սպաննած է առնուազն 5 քաղաքացի. ԱՀ ՄԻՊ

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի փաստահաւաք առաքելութեան շրջածիրէն ներս պարզուած է, որ 10 հոկտեմբերի ժամը 12:00-էն՝ հրադադարի պայմանաւորուածութեան ուժի մէջ մտնելէն ետք ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ սպաննուած է Արցախի առնուազն 5 քաղաքացիական անձ: Այս մասին հրապարակումը ըրած է Արցախի ՄԻՊ-ի ֆեյսպուքեան էջը: «Մասնաւորապէս, 10 հոկտեմբերի կէսօրին Հատրութ քաղաք ներխուժած թափանցող խումբի անդամները գնդակահարած են առնուազն չորս քաղաքացիական անձ՝ հաշմանդամութիւն ունեցող Միշա Մովսիսեանը, անոր մայրը՝ Անահիտ Մովսիսեանը, Նուէր Գրիգորեանին եւ Արտեոմ Միրզոյեանը: Կան նախնական տուեալներ, որ Հատրութի մէջ քաղաքացիական անձանց շրջանին առկայ են այլ զոհեր եւս. հանգամանքները դեռ կը պարզուին: Օրուայ վերջը եւ գիշերուայ ընթացքին ատրպէյճանական զինուած ուժերը հրթիռահրետանային հարուածներ հասցուցած են
12 Հոկտեմբերի 2020
5 ր. ընթերցում
Հրադադարի պայմանաւորուածութեան ուժի մէջ մտնելէն ետք ատրպէյճանական կողմը սպաննած է առնուազն 5 քաղաքացի. ԱՀ ՄԻՊ

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի փաստահաւաք առաքելութեան շրջածիրէն ներս պարզուած է, որ 10 հոկտեմբերի ժամը 12:00-էն՝ հրադադարի պայմանաւորուածութեան ուժի մէջ մտնելէն ետք ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ սպաննուած է Արցախի առնուազն 5 քաղաքացիական անձ: Այս մասին հրապարակումը ըրած է Արցախի ՄԻՊ-ի ֆեյսպուքեան էջը:

«Մասնաւորապէս, 10 հոկտեմբերի կէսօրին Հատրութ քաղաք ներխուժած թափանցող խումբի անդամները գնդակահարած են առնուազն չորս քաղաքացիական անձ՝ հաշմանդամութիւն ունեցող Միշա Մովսիսեանը, անոր մայրը՝ Անահիտ Մովսիսեանը, Նուէր Գրիգորեանին եւ Արտեոմ Միրզոյեանը: Կան նախնական տուեալներ, որ Հատրութի մէջ քաղաքացիական անձանց շրջանին առկայ են այլ զոհեր եւս. հանգամանքները դեռ կը պարզուին:

Օրուայ վերջը եւ գիշերուայ ընթացքին ատրպէյճանական զինուած ուժերը հրթիռահրետանային հարուածներ հասցուցած են Ստեփանակերտի, Մարտունիի, Շուշիի եւ այլ բնակավայրերու բնակելի հատուածներուն մէջ: Անոնց հետեւանքով Մարտունի քաղաքին մէջ իր տան փլատակներուն տակ սպաննուած է 75-ամեայ Պարգեւ Սաղեանը, իսկ Շոշ գիւղին մէջ վիրաւորուած է մէկ 65-ամեայ կին:

Ատրպէյճանական հրթիռահրետանային թիրախային հարուածներու հետեւանքով տարբեր բնակավայրերու մէջ էականօրէ ն վնասուած են նաեւ բնակելի տուներ ու ենթակառուցուածքներ: Ստեփանակերտի վնասուած տուներէն մէկուն տարածք այցի ընթացքին Պաշտպանը գտած է միջազգային մարդասիրական իրաւունքով արգիլուած «Սմերչ» ողկուզային հրթիռի մնացորդներ, որոնք պարբերաբար ու լայնօրէն կը կիրառուին Ատրպէյճանի կողմէ:

Յիշեցնենք, որ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը 10 հոկտեմբերի երեկոյեան հրապարակած է Արցախի բնակչութեան հանդէպ ատրպէյճանական վայրագութիւններու վերաբերեալ երկրորդ միջանկեալ զեկոյցը, որուն բովանդակութեան կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ յղմամբ»:

Լոս Անճելըսի հայերը Արցախի դրօշը պատկերած են Թուրքիոյ հիւպատոսութեան շէնքի ճակատին
Նախորդ նիւթը

Լոս Անճելըսի հայերը Արցախի դրօշը պատկերած են Թուրքիոյ հիւպատոսութեան շէնքի ճակատին

Թշնամին ամէն կերպ կը փորձէ ներխուժել Հատրութ, ՊԲ-ն ամէն թիզ հողի համար ծանր մարտեր կը մղէ
Յաջորդ նիւթը

Թշնամին ամէն կերպ կը փորձէ ներխուժել Հատրութ, ՊԲ-ն ամէն թիզ հողի համար ծանր մարտեր կը մղէ

ԱնցնիլՎեր