Հրեայ գիտնականը Իսրայէլի կառավարութեան կոչ կ’ընէ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը

Իսրայէլցի գիտնականը կոչ ըրած է Իսրայէլի կառավարութեան ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ չենթարկուիլ Թուրքիոյ ճնշումներուն։ Անոր նոր գիրքը՝ «Իսրայէլի ձախողած պատասխանը Հայոց ցեղասպանութեան՝ ժխտում, պետական խաբեութիւն, ճշմարտութիւնն ընդդէմ պատմութեան քաղաքականացման» վերնագրով, տպագրուած է այս տարի:  Իսրայէլ Չարնին իր նոր գիրքին մէջ խօսած է Թուրքիոյ ճնշման ներքոյ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման մասին եւ կոչ ըրած է Իսրայէլի կառավարութեան ճանչնալ այդ փաստը, կը գրէ The Jerusalem Post-ը։ «Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման օգտին փաստարկը օգտագործուած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Իսրայէլի յարաբերութիւնները պահպանելու համար: Անոնք, որոնք դէմ են ցեղասպանութեան ժխտման, կը յայտարարեն, որ այն կը հակասէ Իսրայէլի ոգիին եւ անոր անվտանգութեան»,- ըսած է գիտնականը: «Ցեղասպանութիւն» բառը առաջին անգամ օգտագործուած
13 Հուլիսի 2021
4 ր. ընթերցում
Հրեայ գիտնականը Իսրայէլի կառավարութեան կոչ կ'ընէ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը

Իսրայէլցի գիտնականը կոչ ըրած է Իսրայէլի կառավարութեան ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ չենթարկուիլ Թուրքիոյ ճնշումներուն։ Անոր նոր գիրքը՝ «Իսրայէլի ձախողած պատասխանը Հայոց ցեղասպանութեան՝ ժխտում, պետական խաբեութիւն, ճշմարտութիւնն ընդդէմ պատմութեան քաղաքականացման» վերնագրով, տպագրուած է այս տարի: 

Իսրայէլ Չարնին իր նոր գիրքին մէջ խօսած է Թուրքիոյ ճնշման ներքոյ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման մասին եւ կոչ ըրած է Իսրայէլի կառավարութեան ճանչնալ այդ փաստը, կը գրէ The Jerusalem Post-ը։

«Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման օգտին փաստարկը օգտագործուած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Իսրայէլի յարաբերութիւնները պահպանելու համար: Անոնք, որոնք դէմ են ցեղասպանութեան ժխտման, կը յայտարարեն, որ այն կը հակասէ Իսրայէլի ոգիին եւ անոր անվտանգութեան»,- ըսած է գիտնականը:

«Ցեղասպանութիւն» բառը առաջին անգամ օգտագործուած է 1982 -ին կայացած համաժողովին, որուն կը մասնակցէին Էլի Վէյզըլն ու հոգեբոյժ Շամայ Տէյվիտսընը: «Հոլոքոսթի եւ ցեղասպանութեան վերաբերեալ առաջին միջազգային համաժողովը» վերնագրով համաժողովին առաջին անգամ հայերուն հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ միջազգային լսարանին փոխանցել ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրենց փորձը:

Բայց Հոլոքոսթի եւ այլ ցեղասպանութիւններու հարցով 300 շնորհանդէսներու մէջ հայկականը յիշատակուած է միայն վեց անգամ, նշած է գիրքի հեղինակը:

«Հարց կ'առաջանայ՝ ինչո՞ւ Յունաստանի դեսպանը միացեաւ Ալիեւի ռեժիմի կազմակերպած քարոզչական շրջագայութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական գրաւեալ տարածքներ». Greek City Times
Նախորդ նիւթը

«Հարց կ’առաջանայ՝ ինչո՞ւ Յունաստանի դեսպանը միացեաւ Ալիեւի ռեժիմի կազմակերպած քարոզչական շրջագայութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական գրաւեալ տարածքներ». Greek City Times

Տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ
Յաջորդ նիւթը

Տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ

ԱնցնիլՎեր