Ճալալ Յարութիւնեանը վիրաւորուած է․ Արցախի պաշտպանութեան նախարար նշանակուած է Միքայէլ Արզումանեանը

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը ստորագրած է հրամանագիր, համաձայն որու` զօրավար-լեյտենանտ Ճալալ Անատոլիի Յարութիւնեանը ազատուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար — պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնէն: Մէկ այլ հրամանագրով՝ զօրավար-մայոր Միքայէլ Ալպերթի Արզումանեանը նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար-պաշտպանութեան բանակի հրամանատար՝ անոր շնորհուած է զօրավար-լեյտենանտի զինուորական կոչում: «Ճալալ Յարութիւնեանի ազատման որոշումը պահի հրամայական է՝ պայմանաւորուած օրերս մարտական դիրքուն վրայ անոր ստացած վիրաւորումով եւ տարամեկնաբանութիւններու առիթ պէտք չէ հանդիսանայ: Ապաքինում կը մաղթեմ Ճալալ Անատոլիին եւ համոզուած եմ, որ ան շատ շուտով կը վերադառնայ հայրենիքին ծառայութեան: Վստահ եմ, որ Միքայէլ Արզումանեանը նոր պաշտօնին կը գիտակցի պատասխանատւութեան աստիճանը եւ ջանք ու եռանդ չի խնայեր, որպէսզի այդ վստահութիւնը
27 Հոկտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Ճալալ Յարութիւնեանը վիրաւորուած է․ Արցախի պաշտպանութեան նախարար նշանակուած է Միքայէլ Արզումանեանը

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը ստորագրած է հրամանագիր, համաձայն որու` զօրավար-լեյտենանտ Ճալալ Անատոլիի Յարութիւնեանը ազատուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար — պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնէն:

Մէկ այլ հրամանագրով՝ զօրավար-մայոր Միքայէլ Ալպերթի Արզումանեանը նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար-պաշտպանութեան բանակի հրամանատար՝ անոր շնորհուած է զօրավար-լեյտենանտի զինուորական կոչում:

«Ճալալ Յարութիւնեանի ազատման որոշումը պահի հրամայական է՝ պայմանաւորուած օրերս մարտական դիրքուն վրայ անոր ստացած վիրաւորումով եւ տարամեկնաբանութիւններու առիթ պէտք չէ հանդիսանայ:

Ապաքինում կը մաղթեմ Ճալալ Անատոլիին եւ համոզուած եմ, որ ան շատ շուտով կը վերադառնայ հայրենիքին ծառայութեան:

Վստահ եմ, որ Միքայէլ Արզումանեանը նոր պաշտօնին կը գիտակցի պատասխանատւութեան աստիճանը եւ ջանք ու եռանդ չի խնայեր, որպէսզի այդ վստահութիւնը արդարացնէ», — նշած է Արցախի նախագահը։ 

Ներկայիս տեղային նշանակութեան մարտեր կ՚ընթանան ճակատային գիծի որոշ ուղղութիւններով. ՊԲ
Նախորդ նիւթը

Ներկայիս տեղային նշանակութեան մարտեր կ՚ընթանան ճակատային գիծի որոշ ուղղութիւններով. ՊԲ

Տաւուշի կամաւորականներու մարզումները՝ ռազմաճակատ մեկնելէ առաջ (Տեսանիւթ)
Յաջորդ նիւթը

Տաւուշի կամաւորականներու մարզումները՝ ռազմաճակատ մեկնելէ առաջ (Տեսանիւթ)

ԱնցնիլՎեր