Ճո Պայտըն պատուաստանիւթի երկրորդ չափաբաժինը ստացած է

ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Ճո Պայտըն 11 յունուարին ստացած է Pfizer/BioNTech ամերիկա-գերմանական համատեղ արտադրութեան պատուաստանիւթի երկրորդ չափաբաժինը: Ինչպէս կը յայտնէ CNN-ը, քաղաքական գործիչը ներարկուած է տեսախցիկներու առաջ՝ վստահեցնելու երկրի բնակիչներուն, որ պատուաստանիւթերն անվտանգ են: Ներարկումը Պայտընն ստացած է Տելավըր նահանգի հիւանդանոցին մէջ: Ինչպէս հեռուստաալիքը կը նկատէ, «Քորոնա» ժահրը մեծ մաշտապներով կը տարածուի ԱՄՆ-ի մէջ: Վարակի հետեւանքով աւելի քան 374 500 ամերիկացի մահացած է, իսկ վարակուածներու թիւը գերազանցած է 22 մլն-ը: Պատուաստանիւթի առաջին չափաբաժինը Պայտընն ստացած էր անցեալ ամիս՝ դարձեալ ուղիղ եթերի ժամանակ: Նշենք, որ Պայտընի երդմնակալութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 20 յունուարին:
12 Հունվարի 2021
2 ր. ընթերցում
Ճո Պայտըն պատուաստանիւթի երկրորդ չափաբաժինը ստացած է

ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Ճո Պայտըն 11 յունուարին ստացած է Pfizer/BioNTech ամերիկա-գերմանական համատեղ արտադրութեան պատուաստանիւթի երկրորդ չափաբաժինը:

Ինչպէս կը յայտնէ CNN-ը, քաղաքական գործիչը ներարկուած է տեսախցիկներու առաջ՝ վստահեցնելու երկրի բնակիչներուն, որ պատուաստանիւթերն անվտանգ են: Ներարկումը Պայտընն ստացած է Տելավըր նահանգի հիւանդանոցին մէջ:

Ինչպէս հեռուստաալիքը կը նկատէ, «Քորոնա» ժահրը մեծ մաշտապներով կը տարածուի ԱՄՆ-ի մէջ: Վարակի հետեւանքով աւելի քան 374 500 ամերիկացի մահացած է, իսկ վարակուածներու թիւը գերազանցած է 22 մլն-ը:

Պատուաստանիւթի առաջին չափաբաժինը Պայտընն ստացած էր անցեալ ամիս՝ դարձեալ ուղիղ եթերի ժամանակ:

Նշենք, որ Պայտընի երդմնակալութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 20 յունուարին:

Ղարաբաղի մէջ աշնանային պատերազմի ընթացքին հայերու դիրքերը կը հարուածէին նորագոյն TRLG-230 հրթիռները
Նախորդ նիւթը

Ղարաբաղի մէջ աշնանային պատերազմի ընթացքին հայերու դիրքերը կը հարուածէին նորագոյն TRLG-230 հրթիռները

Ադրբեջանն արհեստականորեն ձգձգում է հայ ռազմագերիների և գերիների վերադարձի պրոցեսը
Յաջորդ նիւթը

Ադրբեջանն արհեստականորեն ձգձգում է հայ ռազմագերիների և գերիների վերադարձի պրոցեսը

ԱնցնիլՎեր