ՄԱԿ-ը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի կողքին. վարչապետը հրաժեշտի հանդիպում է ունեցած է Շոմպի Շարփի հետ

ՄԱԿ-ի մարդասիրական աջակցութիւնը մինչ օրս հասանելի չէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին, յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդունելով Հայաստանի մօտ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող՝ Շոմպի Շարփը, որ կ’աւարտէ իր առաքելութիւնը։ Փաշինեան միեւնոյն ժամանակ կարեւորած է ՄԱԿ-ի օժանդակութիւնը Հայաստանին՝ «Քորոնա» ժահրի համավարակի հետեւանքները յաղթահարելու գործով։ Բարձր գնահատելով Հայաստանի կառավարութեան հետ համագործակցութիւնը՝ Շոմպի Շարփ ընդգծած է, որ ՄԱԿ-ը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին, աջակցիլ բարեփոխութիւններու իրագործման եւ բարդ մարտահրաւէրներու յաղթահարման: Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են նաեւ ՀՀ-ՄԱԿ գործընկերութեան, տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան օրակարգի շուրջ:
11 Նոյեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
ՄԱԿ-ը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի կողքին. վարչապետը հրաժեշտի հանդիպում է ունեցած է Շոմպի Շարփի հետ

ՄԱԿ-ի մարդասիրական աջակցութիւնը մինչ օրս հասանելի չէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին, յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդունելով Հայաստանի մօտ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող՝ Շոմպի Շարփը, որ կ’աւարտէ իր առաքելութիւնը։

Փաշինեան միեւնոյն ժամանակ կարեւորած է ՄԱԿ-ի օժանդակութիւնը Հայաստանին՝ «Քորոնա» ժահրի համավարակի հետեւանքները յաղթահարելու գործով։

Բարձր գնահատելով Հայաստանի կառավարութեան հետ համագործակցութիւնը՝ Շոմպի Շարփ ընդգծած է, որ ՄԱԿ-ը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին, աջակցիլ բարեփոխութիւններու իրագործման եւ բարդ մարտահրաւէրներու յաղթահարման:

Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են նաեւ ՀՀ-ՄԱԿ գործընկերութեան, տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան օրակարգի շուրջ:

Բրիտանիոյ Համայնքներու Տունը առաջին ընթերցումով ընդունեց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը. Երկրորդ ընթերցումը` 18 Մարտին
Նախորդ նիւթը

Բրիտանիոյ Համայնքներու Տունը առաջին ընթերցումով ընդունեց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը. Երկրորդ ընթերցումը` 18 Մարտին

Ամէն միջոց պիտի գործադրենք մեր բնակչութեան անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու համար․ Արայիկ Յարութիւնեան
Յաջորդ նիւթը

Ամէն միջոց պիտի գործադրենք մեր բնակչութեան անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու համար․ Արայիկ Յարութիւնեան

ԱնցնիլՎեր