ՄԱԿ. Իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան մէջ վերահսկողութեան կորուստի վտանգ կայ

ՄԱԿ-ի Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացի հարցերով յատուկ համակարգող Թոր Ուենեսլանտը հինգշաբթի մտահոգութիւն յայտնած է իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան գօտիին մէջ լարուածութեան աճի կապակցութեամբ եւ կողմերուն կոչ ըրած է զսպուածութիւն պահպանելու՝ վերահսկողութիւնը կորսնցնելու վտանգը կանխելու համար: Համապատասխան յայտարարութիւնը ան հրապարակած է թուիթըրի էջին, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը: «Ես խորապէս մտահոգուած եմ լարուածութեան աճով Արեւմտեան ափին, այդ շարքին նաեւ՝ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ: Ես բոլոր կողմերէն քաղաքական, կրօնական եւ համայնքներու ղեկավարներուն կոչ կ’ընեմ յստակ դէմ արտայայտուելու բռնութեան, հրահրման եւ սադրիչ հռետորաբանութեան»,- գրած է ՄԱԿ-ի յատուկ համակարգողը: «Եթէ իրավիճակն առանց հսկողութեան ձգենք, այն կրնայ դուրս գալ վերահսկողութենէ»,- նախազգուշացուցած է Ուենեսլանտը: «Միայն վերջին օրերուն բախումներու եւ յարձակումներու ծիրէն
7 Մայիսի 2021
4 ր. ընթերցում
ՄԱԿ. Իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան մէջ վերահսկողութեան կորուստի վտանգ կայ

ՄԱԿ-ի Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացի հարցերով յատուկ համակարգող Թոր Ուենեսլանտը հինգշաբթի մտահոգութիւն յայտնած է իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան գօտիին մէջ լարուածութեան աճի կապակցութեամբ եւ կողմերուն կոչ ըրած է զսպուածութիւն պահպանելու՝ վերահսկողութիւնը կորսնցնելու վտանգը կանխելու համար: Համապատասխան յայտարարութիւնը ան հրապարակած է թուիթըրի էջին, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«Ես խորապէս մտահոգուած եմ լարուածութեան աճով Արեւմտեան ափին, այդ շարքին նաեւ՝ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ: Ես բոլոր կողմերէն քաղաքական, կրօնական եւ համայնքներու ղեկավարներուն կոչ կ’ընեմ յստակ դէմ արտայայտուելու բռնութեան, հրահրման եւ սադրիչ հռետորաբանութեան»,- գրած է ՄԱԿ-ի յատուկ համակարգողը: «Եթէ իրավիճակն առանց հսկողութեան ձգենք, այն կրնայ դուրս գալ վերահսկողութենէ»,- նախազգուշացուցած է Ուենեսլանտը:

«Միայն վերջին օրերուն բախումներու եւ յարձակումներու ծիրէն ներս իսրայէլական անվտանգութեան ուժերու հետ առանձին միջադէպերու հետեւանքով երկու պաղեստինցի զոհուած է: Մէկ իսրայէլցի սպաննուած է պաղեստինցիի կողմէ վարուող մեքենայէ, եւս մի քանին վիրաւորուած են»,- յատուկ համակարգողը թուարկած է ամենաաղմկայարոյց միջադէպերը:

Ուենեսլանտն Իսրայէլի անվտանգութեան ուժերուն կոչ ըրած է «առաւելագոյն զսպուածութիւն» ցուցաբերել եւ զէնք օգտագործել միայն կեանքի պաշտպանութեան պարագային: «Երկու կողմերէն ալ բռնի գործողութիւններ կատարողները պէտք է անյապաղ պատասխանատուութեան ենթարկուին»,- աւելցուցած է ան:

Բացառուած է, որ մենք քաղաքական որոշումներ կայացնենք. Արթուր Դաւթեանը՝ Սիւնիքի դէպքերու մասին
Նախորդ նիւթը

Բացառուած է, որ մենք քաղաքական որոշումներ կայացնենք. Արթուր Դաւթեանը՝ Սիւնիքի դէպքերու մասին

Գոյժ. Մահ ընկեր Արա Ահարոնեանի. ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն
Յաջորդ նիւթը

Գոյժ. Մահ ընկեր Արա Ահարոնեանի. ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

ԱնցնիլՎեր