ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը ընդունած Է Հայաստանի առաջադրած «Ցեղասպանութեան կանխարգելում» բանաձեւը

ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի 49-րդ նստաշրջանի ընթացքին համաձայնութեամբ ընդունուած է Հայաստանի կողմէ առաջադրուած «Ցեղասպանութեան կանխարգելում» բանաձեւը: Արտաքին Գործերու Նախարարութեան լրատուականի փոխանցմամբ` բանաձեւը, որ աւանդաբար կը ներկայացուի Հայաստանի կողմէ, գնահատելով ներկայիս վտանգներն ու մարտահրաւէրները, կը նախանշէ այն քայլերը, որոնք պէտք է միասնականօրէն իրականացուին ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու կողմէ ցեղասպանութեան արհաւիրքը կանխելու, անոր ճանաչման, արդարութեան վերականգնման, փոխհատուցման, մեղաւորները պատժելու եւ հաշուետուողականութիւն ապահովելու ուղղութեամբ: Բանաձեւը լայն աջակցութիւն կը վայելէ, ինչի վկայութիւնն է բոլոր հինգ տարածաշրջանային խումբերը ներկայացնող երկիրներու կողմէ անոր համահեղինակումը, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Այս տարի բանաձեւը յառաջ կը քաշէ այնպիսի խնդիրներ, ինչպիսին են հակամարտութեան վտանգներու գնահատման եւ զանոնք թոյլ չտալուն ուղղուած քայլերու
1 Ապրիլի 2022
4 ր. ընթերցում
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը ընդունած Է Հայաստանի առաջադրած «Ցեղասպանութեան կանխարգելում» բանաձեւը

ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի 49-րդ նստաշրջանի ընթացքին համաձայնութեամբ ընդունուած է Հայաստանի կողմէ առաջադրուած «Ցեղասպանութեան կանխարգելում» բանաձեւը:

Արտաքին Գործերու Նախարարութեան լրատուականի փոխանցմամբ` բանաձեւը, որ աւանդաբար կը ներկայացուի Հայաստանի կողմէ, գնահատելով ներկայիս վտանգներն ու մարտահրաւէրները, կը նախանշէ այն քայլերը, որոնք պէտք է միասնականօրէն իրականացուին ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու կողմէ ցեղասպանութեան արհաւիրքը կանխելու, անոր ճանաչման, արդարութեան վերականգնման, փոխհատուցման, մեղաւորները պատժելու եւ հաշուետուողականութիւն ապահովելու ուղղութեամբ:

Բանաձեւը լայն աջակցութիւն կը վայելէ, ինչի վկայութիւնն է բոլոր հինգ տարածաշրջանային խումբերը ներկայացնող երկիրներու կողմէ անոր համահեղինակումը, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Այս տարի բանաձեւը յառաջ կը քաշէ այնպիսի խնդիրներ, ինչպիսին են հակամարտութեան վտանգներու գնահատման եւ զանոնք թոյլ չտալուն ուղղուած քայլերու ձեռնարկումը, նոր արհեստագիտութիւններու չարաշահումը, այդ շարքին` ընկերային հարթակներու միջոցով ապատեղեկատուութեան տարածման վտանգները, կը վերահաստատէ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին ուխտի համընդհանուր վաւերացումը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:

Բանաձեւը կ’առաջարկէ ՄԱԿ-ի շրջանակին մէջ կազմակերպել համաժողով, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Ուխտի 75-ամեակին: Համաժողովի ընթացքին կը նախատեսուի նաեւ քննարկել ընկերային հարթակներու եւ զանոնք որպէս ատելութեան գործիք օգտագործելու անթոյլատրելիութիւնը:

Հայաստան կ՚ակնկալէ, որ ՌԴ խաղաղապահները դուրս հանեն Ատրպէյճանի ուժերը Արցախէն. Փաշինեան՝ Փութինին
Նախորդ նիւթը

Հայաստան կ՚ակնկալէ, որ ՌԴ խաղաղապահները դուրս հանեն Ատրպէյճանի ուժերը Արցախէն. Փաշինեան՝ Փութինին

Վարչապետ Փաշինեան ու ԵԱՀԿ գործող նախագահը անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին ստեղծուած իրավիճակին
Յաջորդ նիւթը

Վարչապետ Փաշինեան ու ԵԱՀԿ գործող նախագահը անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին ստեղծուած իրավիճակին

ԱնցնիլՎեր