Մահացած է Լեւոն Արոնեանի կինը` Արիանէ Քաոիլին

Կեանքէն հեռացած է Հայաստանի ճատրակի ախոյեան Լեւոն Արոնեանի կինը` Արիանէ Քաոիլին: «Արմենբրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ տեղեկացուցած է Լեւոն Արոնեանը: «Բառեր չեմ գտներ արտայայտելու իմ վիշտը տիկնոջս` Արիանէյի մահուան կապակցութեամբ: Ան խելացի, աշխատասէր եւ կենսուրախ մարդ էր, որ գեղեցիկ կեանք ապրեցաւ»,- նշած է Արոնեան: Գրութեան տակ ցաւակցական խօսքերով պատասխանած են բազմաթիւ հանրաճանաչ շախմատիստներ, մասնաւորապէս, աշխարհի ախոյեան Մագնուս Կարլսենը, կրանտմայստըր Անիշ Կիրին եւ այլք: Արոնեանի կինը Մարտ 15-ին` իր վարած ինքնաշարժով Սեբաստիա փողոցի վրայ զարնուած էր աղիւսէ սիւնի մը: Ան ծանր վիճակի մէջ տեղափոխուած էր հիւանդանոց:
31 Մարտի 2020
2 ր. ընթերցում
Մահացած է Լեւոն Արոնեանի կինը` Արիանէ Քաոիլին

Կեանքէն հեռացած է Հայաստանի ճատրակի ախոյեան Լեւոն Արոնեանի կինը` Արիանէ Քաոիլին: «Արմենբրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ տեղեկացուցած է Լեւոն Արոնեանը:

«Բառեր չեմ գտներ արտայայտելու իմ վիշտը տիկնոջս` Արիանէյի մահուան կապակցութեամբ: Ան խելացի, աշխատասէր եւ կենսուրախ մարդ էր, որ գեղեցիկ կեանք ապրեցաւ»,- նշած է Արոնեան:

Գրութեան տակ ցաւակցական խօսքերով պատասխանած են բազմաթիւ հանրաճանաչ շախմատիստներ, մասնաւորապէս, աշխարհի ախոյեան Մագնուս Կարլսենը, կրանտմայստըր Անիշ Կիրին եւ այլք:

Արոնեանի կինը Մարտ 15-ին` իր վարած ինքնաշարժով Սեբաստիա փողոցի վրայ զարնուած էր աղիւսէ սիւնի մը: Ան ծանր վիճակի մէջ տեղափոխուած էր հիւանդանոց:

Արցախի մէջ նախագահի եւ Ազգային ժողովի համապետական ընտրութիւններ են. բացուած են տեղամասերը
Նախորդ նիւթը

Արցախի մէջ նախագահի եւ Ազգային ժողովի համապետական ընտրութիւններ են. բացուած են տեղամասերը

Վերին Լարսի անձակէտին մօտ Հայաստանի բեռնափոխադրութիւններուն համար յատուկ առանձին գօտի. Վարչապետ Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Վերին Լարսի անձակէտին մօտ Հայաստանի բեռնափոխադրութիւններուն համար յատուկ առանձին գօտի. Վարչապետ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր