Մահացած է հայ ժողովուրդի նուիրեալ բարեկամ ՝ չեխ լրագրող Տանա Մազալովան

66 տարեկանին կեանքէն հեռացած է հայ ժողովուրդի նուիրեալ բարեկամ ՝ չեխ լրագրող Տանա Մազալովան: Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը թուիթըրի իր էջին ցաւակցական ուղերձ յղած է անուանի չեխ լրագրողի մահուան կապակցութեամբ: Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.«Խոր ցաւով տեղեկացայ, որ կեանքէն հեռացած է չեխ իրաւաբան, անուանի լրագրող Տանա Մազալովան: Արցախեան ազատագրական պայքարի տարիներուն բազմիցս այցելելով Հայաստան եւ Արցախ՝ Տանա Մազալովան լուսաբանած եւ հետեւողականօրէն անդրադարձած է ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան, միջազգային տարբեր հեղինակաւոր հարթակներու վրայ հաւաստի տեղեկութիւններ հաղորդած Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու մասին: Անկախ դժուարութիւններէն եւ վտանգներէն, որոնց պակասը չէ եղած թէ պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ եւ թէ յետպատերազմեան շրջանին՝ Տանա Մազալովան միշտ աչքի
8 Սեպտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Մահացած է հայ ժողովուրդի նուիրեալ բարեկամ ՝ չեխ լրագրող Տանա Մազալովան

66 տարեկանին կեանքէն հեռացած է հայ ժողովուրդի նուիրեալ բարեկամ ՝ չեխ լրագրող Տանա Մազալովան:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը թուիթըրի իր էջին ցաւակցական ուղերձ յղած է անուանի չեխ լրագրողի մահուան կապակցութեամբ:

Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.«Խոր ցաւով տեղեկացայ, որ կեանքէն հեռացած է չեխ իրաւաբան, անուանի լրագրող Տանա Մազալովան:

Արցախեան ազատագրական պայքարի տարիներուն բազմիցս այցելելով Հայաստան եւ Արցախ՝ Տանա Մազալովան լուսաբանած եւ հետեւողականօրէն անդրադարձած է ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան, միջազգային տարբեր հեղինակաւոր հարթակներու վրայ հաւաստի տեղեկութիւններ հաղորդած Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու մասին:

Անկախ դժուարութիւններէն եւ վտանգներէն, որոնց պակասը չէ եղած թէ պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ եւ թէ յետպատերազմեան շրջանին՝ Տանա Մազալովան միշտ աչքի ինկած է իսկական լրագրողին բնորոշ լաւագոյն յատկանիշներով՝ սկզբունքային դիրքորոշմամբ եւ անկողմնակալութեամբ:

Անկեղծ ցաւակցութիւններս կը յղեմ հանգուցեալի ընտանիքին, հարազատներուն եւ կը կիսեմ անոնց վիշտը»:

Դպրոցներու անձնակազմը «Քորոնա» Ժահրի քննութիւն պիտի յանձնէ. շուրջ 30 000 անձ պիտի հետազօտուի
Նախորդ նիւթը

Դպրոցներու անձնակազմը «Քորոնա» Ժահրի քննութիւն պիտի յանձնէ. շուրջ 30 000 անձ պիտի հետազօտուի

Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը սկսաւ յանձնել վնասուած բնակարաններու հատուցումները
Յաջորդ նիւթը

Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը սկսաւ յանձնել վնասուած բնակարաններու հատուցումները

ԱնցնիլՎեր