Մահացած է ցեղասպանութիւնը վերապրած 106-ամեայ Ովսաննա Միրխանեանը

Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած 106-ամեայ Ովսաննա Միրխանեանը 14 ապրիլին, մահացած է։ Այս մասին յայտնած է Լենուղիի գիւղապետ Գեղամ Ղազարեանը։ NEWS.am-ը Ովսաննա Միրխանեանի պատմութեանն անդրադարձած էր 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Վերապրածները» նախագիծի շրջագիծէն ներս: Ովսաննա Միրխանեանը ծնած էր 1915 թուականին, Պոլսոյ մէջ։ Անոր մեծցուցած էին տատիկն ու պապիկը։ Ընտանիքը կրցած է փրկուիլ, քանի որ զինուած թուրքերը, մտնելով իրենց տուն, կարծեր են, թէ քիւրտերու տուն մտեր են եւ հեռացած են։ Անկէ ետք ընտանիքը բնակութիւն հաստատած է Հալէպի մէջ։ 1965 թուականին Ովսաննա Միրխանեանն իր ամուսնոյն՝ Կարապետի հետ, տեղափոխուած էր Հայաստան։ Ովսաննա Միրխանեանն ունէր երկու որդի եւ երեք դուստր։
16 Ապրիլի 2021
2 ր. ընթերցում
Մահացած է ցեղասպանութիւնը վերապրած 106-ամեայ Ովսաննա Միրխանեանը

Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած 106-ամեայ Ովսաննա Միրխանեանը 14 ապրիլին, մահացած է։ Այս մասին յայտնած է Լենուղիի գիւղապետ Գեղամ Ղազարեանը։

NEWS.am-ը Ովսաննա Միրխանեանի պատմութեանն անդրադարձած էր 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Վերապրածները» նախագիծի շրջագիծէն ներս:

Ովսաննա Միրխանեանը ծնած էր 1915 թուականին, Պոլսոյ մէջ։ Անոր մեծցուցած էին տատիկն ու պապիկը։ Ընտանիքը կրցած է փրկուիլ, քանի որ զինուած թուրքերը, մտնելով իրենց տուն, կարծեր են, թէ քիւրտերու տուն մտեր են եւ հեռացած են։ Անկէ ետք ընտանիքը բնակութիւն հաստատած է Հալէպի մէջ։

1965 թուականին Ովսաննա Միրխանեանն իր ամուսնոյն՝ Կարապետի հետ, տեղափոխուած էր Հայաստան։ Ովսաննա Միրխանեանն ունէր երկու որդի եւ երեք դուստր։

Սարգսեան Թիֆլիսի մէջ կարեւորեց Արցախեան հիմնահարցի վերջնական լուծումը
Նախորդ նիւթը

Սարգսեան Թիֆլիսի մէջ կարեւորեց Արցախեան հիմնահարցի վերջնական լուծումը

Վարչապետ Փաշինեան խօսեցաւ հայ-ռուսական ռազմաքաղաքական դաշինքին մասին
Յաջորդ նիւթը

Վարչապետ Փաշինեան խօսեցաւ հայ-ռուսական ռազմաքաղաքական դաշինքին մասին

ԱնցնիլՎեր