Մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է զինծառայող Հայկ Պետրոսեանը. ՊՆ

Փետրուար 19-ին ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տեղամասին մէջ զինծառայող, շարքային Հայկ Արամի Պետրոսեանը դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ ստացած է հրազէնային մահացու վիրաւորում: Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն: Դէպքի հանգամանքները լիարժէք պարզելու նպատակով կը տարուի քննութիւն: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Դէպքի առթիւ քննչական կոմիտէէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: Ըստ նախնական տուեալներու, զինծառայողը մահացած է իրեն ամրակցուած ինքնաձիգէն գլխու շրջանին մենահատ կրակոցէ ստացած վնասուածքի հետևանքով։  
20 Փետրվարի 2023
2 ր. ընթերցում
Մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է զինծառայող Հայկ Պետրոսեանը. ՊՆ

Փետրուար 19-ին ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տեղամասին մէջ զինծառայող, շարքային Հայկ Արամի Պետրոսեանը դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ ստացած է հրազէնային մահացու վիրաւորում: Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Դէպքի հանգամանքները լիարժէք պարզելու նպատակով կը տարուի քննութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Դէպքի առթիւ քննչական կոմիտէէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: Ըստ նախնական տուեալներու, զինծառայողը մահացած է իրեն ամրակցուած ինքնաձիգէն գլխու շրջանին մենահատ կրակոցէ ստացած վնասուածքի հետևանքով։

 

Արեւմուտքը աւելի մեծ համբերութիւն ունի, քան Վլատիմիր Փութինը․ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի նախագահ
Նախորդ նիւթը

Արեւմուտքը աւելի մեծ համբերութիւն ունի, քան Վլատիմիր Փութինը․ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի նախագահ

Խաղաղ, արժանապատիւ եւ անվտանգ կեանքը եղած է Ղարաբաղեան շարժման բովանդակային նպատակը, մենք պիտի շարժինք այդ նպատակին ընդառաջ. Վարչապետի ուղերձը՝ Ղարաբաղեան շարժման 35-րդ տարեդարձի առթիւ
Յաջորդ նիւթը

Խաղաղ, արժանապատիւ եւ անվտանգ կեանքը եղած է Ղարաբաղեան շարժման բովանդակային նպատակը, մենք պիտի շարժինք այդ նպատակին ընդառաջ. Վարչապետի ուղերձը՝ Ղարաբաղեան շարժման 35-րդ տարեդարձի առթիւ

ԱնցնիլՎեր