Մարի Իզմիրլեան մանկատան մէջ «Քորոնա»ով 15 վարակակիրներ

Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատան մէջ 15 հոգիի մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւնը՝ 6-ը աշխատակից եւ 9-ը՝ երեխայ։ «Արմէնբրես»–ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի մամուլի խօսնակ Սոնա Մարտիրոսեանը։ «Մարի Իզմիրլեան մանկատան մէջ 46 հոգի քննուած է։ Անոնցմէ 15-ին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւնը՝ 6 աշխատակից եւ 9 երեխայ։ Այս պահուն հաստատութենէն որեւէ մէկը հիւանդանոց չէ տեղափոխուած, քանի որ անոնց մօտ չկան ախտանշաններ։ Ե՛ւ աշխատողները, ե՛ւ երեխաները իրենց լաւ կը զգան»,- ըսած է Մարտիրոսեանը եւ աւելցուցած, որ երէկ չէ առաջի օր դայեակներէն մէկուն ջերմութիւնը բարձրացած է 37.6 աստիճան, որմէ ետք անոր անմիջապէս մեկուսացուցած են։ Նախարարի մամուլի խօսնակն ընդգծած է, որ այդ դայեակն այժմ կը գտնուը տունը, սակայն անոր քննութեան պատասխանը դեռ չկայ։ «Այսինքն, վստահ չենք, ի՞նք եղած
25 Մայիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Մարի Իզմիրլեան մանկատան մէջ «Քորոնա»ով 15 վարակակիրներ

Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատան մէջ 15 հոգիի մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւնը՝ 6-ը աշխատակից եւ 9-ը՝ երեխայ։

«Արմէնբրես»–ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի մամուլի խօսնակ Սոնա Մարտիրոսեանը։

«Մարի Իզմիրլեան մանկատան մէջ 46 հոգի քննուած է։ Անոնցմէ 15-ին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւնը՝ 6 աշխատակից եւ 9 երեխայ։ Այս պահուն հաստատութենէն որեւէ մէկը հիւանդանոց չէ տեղափոխուած, քանի որ անոնց մօտ չկան ախտանշաններ։ Ե՛ւ աշխատողները, ե՛ւ երեխաները իրենց լաւ կը զգան»,- ըսած է Մարտիրոսեանը եւ աւելցուցած, որ երէկ չէ առաջի օր դայեակներէն մէկուն ջերմութիւնը բարձրացած է 37.6 աստիճան, որմէ ետք անոր անմիջապէս մեկուսացուցած են։

Նախարարի մամուլի խօսնակն ընդգծած է, որ այդ դայեակն այժմ կը գտնուը տունը, սակայն անոր քննութեան պատասխանը դեռ չկայ։

«Այսինքն, վստահ չենք, ի՞նք եղած է վարակման աղբիւրը, թէ՞ ոչ։ Դայեակի ջերմութիւնն այս պահուն 37.4 է»,- ըսած է Մարտիրոսեանը։

Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատան մէջ խնամք կը ստանայ 102 երեխայ։

«Որեւէ մէկը մուտքուելք չէ ունեցած, ոչ ոք ախտանիշ ունեցած է: Միայն այդ դայեակը իրեն վատ զգացած է», — ըսած է Սոնա Մարտիրոսեանը:

Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Սամուէլ Պապայեանի միջեւ համագործակցութեան յուշագիր
Նախորդ նիւթը

Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Սամուէլ Պապայեանի միջեւ համագործակցութեան յուշագիր

Պէտք է օգնել իրարու՝ տնտեսութիւնը նոր ցնցումներու չենթարկելու համար. Փաշինեանը՝ «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգելման մասին
Յաջորդ նիւթը

Պէտք է օգնել իրարու՝ տնտեսութիւնը նոր ցնցումներու չենթարկելու համար. Փաշինեանը՝ «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգելման մասին

ԱնցնիլՎեր