Մարտական հերթափոխի մեկնող զինծառայողները պարտադիր բժշկական քննութեան կ’ենթարկուին

Հայաստանի զինուած ուժերը «Քորոնա» ժահրի վարակին ներթափանցումը կանխելու եւ զինուորները վարակէ պաշտպանելու համար կը շարունակէ կանխարգելիչ քայլեր առնել։ Այս մասին յայտնեցին պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն։ «ՀՀ զինուած ուժեր նոր «քորոնա» ժահրային վարակի ներթափանցումը կանխելու եւ զինծառայողները վարակէն պաշտպանելու համար կը շարունակուին կանխարգելիչ միջոցառումները: Զօրամասերուն մէջ կը կատարուին ախտահանիչ գործողութիւններ:  Մարտական հերթափոխի մեկնող զինուորները կ՛ենթարկուին պարտադիր բժշկական զննումի, անոնց կը տրամադրուին ախտահանիչ միջոցներ: Կը հականեխուին նաեւ մարտական հերթապահութեան մէջ ներգրաւուած ռազմական համակարգը եւ սպառազինութիւնը։ Հայաստանի բանակին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման դէպք չէ արձանագրուած. կը ձեռնարկուին հակահամաճարակային անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումներուն՝ բանակը ժահրի ներթափանցումէն զերծ պահելու համար»,- ըսուած է
21 Մարտի 2020
3 ր. ընթերցում
Մարտական հերթափոխի մեկնող զինծառայողները պարտադիր բժշկական քննութեան կ'ենթարկուին

Հայաստանի զինուած ուժերը «Քորոնա» ժահրի վարակին ներթափանցումը կանխելու եւ զինուորները վարակէ պաշտպանելու համար կը շարունակէ կանխարգելիչ քայլեր առնել։ Այս մասին յայտնեցին պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն։

«ՀՀ զինուած ուժեր նոր «քորոնա» ժահրային վարակի ներթափանցումը կանխելու եւ զինծառայողները վարակէն պաշտպանելու համար կը շարունակուին կանխարգելիչ միջոցառումները:

Զօրամասերուն մէջ կը կատարուին ախտահանիչ գործողութիւններ:  Մարտական հերթափոխի մեկնող զինուորները կ՛ենթարկուին պարտադիր բժշկական զննումի, անոնց կը տրամադրուին ախտահանիչ միջոցներ: Կը հականեխուին նաեւ մարտական հերթապահութեան մէջ ներգրաւուած ռազմական համակարգը եւ սպառազինութիւնը։

Հայաստանի բանակին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման դէպք չէ արձանագրուած. կը ձեռնարկուին հակահամաճարակային անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումներուն՝ բանակը ժահրի ներթափանցումէն զերծ պահելու համար»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 160-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 160-ի

ՀՀ Բանակի «Սու-30ՍՄ» կործանիչները կ՚ապահովեն Հայաստանի օդային տարածքը. Վարչապետ Փաշինեան տեսանիւթ հրապարակեց
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ Բանակի «Սու-30ՍՄ» կործանիչները կ՚ապահովեն Հայաստանի օդային տարածքը. Վարչապետ Փաշինեան տեսանիւթ հրապարակեց

ԱնցնիլՎեր