Մարտավարական հնարք եւ .. ծուղակ. Սպաննուած է շուրջ 200 ատրպէյճանցի զինուոր

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը ռազմաճակատի ամենաբարդ ուղղութիւններէն մէկուն մէջ, 5 հոկտեմբերին, կիրառած է մարտավարական հնարքներ, ծուղակի մէջ ձգելով թշնամին ու ոչնչացնելով անոր ստորաբաժանման մեծ մասը: Հայկական կողմը, ատրպէյճանական ստորաբաժանումներուն մօտ ստեղծած է նահանջի այնպիսի տպաւորութիւն, որմէ ետք թշնամին, փորձելով արագ կերպով գրաւել հայկական ուժերուն թողած դիրքերը յայտնուած է ծուղակի մէջ։ Այնուհետեւ, հրետանային հուժկու հարուածի հետեւանքով ոչնչացուած է ատրպէյճանական ստորաբաժանման մեծ մասը։ Մարտադաշտը թողնելով աւելի քան 200 սպաննուած զինծառայող, թշնամին անկանոն կերպով դիմած է փախուստի։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:
6 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Մարտավարական հնարք եւ .. ծուղակ. Սպաննուած է շուրջ 200 ատրպէյճանցի զինուոր

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը ռազմաճակատի ամենաբարդ ուղղութիւններէն մէկուն մէջ, 5 հոկտեմբերին, կիրառած է մարտավարական հնարքներ, ծուղակի մէջ ձգելով թշնամին ու ոչնչացնելով անոր ստորաբաժանման մեծ մասը:

Հայկական կողմը, ատրպէյճանական ստորաբաժանումներուն մօտ ստեղծած է նահանջի այնպիսի տպաւորութիւն, որմէ ետք թշնամին, փորձելով արագ կերպով գրաւել հայկական ուժերուն թողած դիրքերը յայտնուած է ծուղակի մէջ։ Այնուհետեւ, հրետանային հուժկու հարուածի հետեւանքով ոչնչացուած է ատրպէյճանական ստորաբաժանման մեծ մասը։ Մարտադաշտը թողնելով աւելի քան 200 սպաննուած զինծառայող, թշնամին անկանոն կերպով դիմած է փախուստի։

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Միացեալ դատապարտում. Ռուսաստանը ԱՄՆ-ը եւ Ֆրանսան դատապարտած են բռնութեան կտրուկ աճը
Նախորդ նիւթը

Միացեալ դատապարտում. Ռուսաստանը ԱՄՆ-ը եւ Ֆրանսան դատապարտած են բռնութեան կտրուկ աճը

Կեցցէ ՛ հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքն ու զօրութիւնը, որուն առջեւ շատ շուտով պիտի խոնարհի թուրք-ատրպէյճանական ջախջախուած «թանտեմը». Վահրամ Պօղոսեան
Յաջորդ նիւթը

Կեցցէ ՛ հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքն ու զօրութիւնը, որուն առջեւ շատ շուտով պիտի խոնարհի թուրք-ատրպէյճանական ջախջախուած «թանտեմը». Վահրամ Պօղոսեան

ԱնցնիլՎեր