Մարտ 1-ի ողբերգական դէպքերէն անցած է 15 տարի

Այսօր կը լրանայ մարտիմէկեան արիւնալի իրադարձութիւններու 15-րդ տարելիցը։ 2008 թուականի մարտ 1-ին վաղ առաւօտեան ոստիկանները յարձակեցան Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ գիշերող նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներէն դժգոհ ընդդիմադիր ցուցարարներուն վրայ: Նոյն օրը աւելի ուշ Ալեքսանտր Միասնիկեանի արձանին յարող հրապարակը եւ անոր մերձակայքը գտնուող ցուցարարներու եւ ուժայիններու միջեւ սկիզբ առած բախումներու հետեւանքով սպանուեցաւ 10 քաղաքացի, վիրաւիրուեցաւ՝ 200 մարդ: 2018-ին, Մարտ 1-ի քրէական գործը վերաբացուեցաւ, եւ մեղադրանք առաջադրուեցաւ քանի մը նախկին պաշտօնեաններու, այդ շարքին նաեւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին: Յատուկ քննչական ծառայութեան առաջադրած մեղադրանքները կը վերաբերէին նախնական պայմանաւորուածութեամբ սահմանադրական կարգը տապալելուն, իշխանութիւնը բռնի զաւթելուն։    
1 Մարտի 2023
2 ր. ընթերցում
Մարտ 1-ի ողբերգական դէպքերէն անցած է 15 տարի

Այսօր կը լրանայ մարտիմէկեան արիւնալի իրադարձութիւններու 15-րդ տարելիցը։

2008 թուականի մարտ 1-ին վաղ առաւօտեան ոստիկանները յարձակեցան Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ գիշերող նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներէն դժգոհ ընդդիմադիր ցուցարարներուն վրայ:

Նոյն օրը աւելի ուշ Ալեքսանտր Միասնիկեանի արձանին յարող հրապարակը եւ անոր մերձակայքը գտնուող ցուցարարներու եւ ուժայիններու միջեւ սկիզբ առած բախումներու հետեւանքով սպանուեցաւ 10 քաղաքացի, վիրաւիրուեցաւ՝ 200 մարդ:

2018-ին, Մարտ 1-ի քրէական գործը վերաբացուեցաւ, եւ մեղադրանք առաջադրուեցաւ քանի մը նախկին պաշտօնեաններու, այդ շարքին նաեւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին:

Յատուկ քննչական ծառայութեան առաջադրած մեղադրանքները կը վերաբերէին նախնական պայմանաւորուածութեամբ սահմանադրական կարգը տապալելուն, իշխանութիւնը բռնի զաւթելուն։

 

 

Լաչինի միջանցքին անցակէտեր ստեղծելու հարց նախատեսուած չէ․ Լաւրով
Նախորդ նիւթը

Լաչինի միջանցքին անցակէտեր ստեղծելու հարց նախատեսուած չէ․ Լաւրով

«ՄԱԿ առաքելութեան տեղակայումը Լաչինի միջանցքին, ԼՂ-ի մէջ նուազագոյնն է, որ միջազգային հանրութիւնը կրնայ ընել». Միրզոյեան
Յաջորդ նիւթը

«ՄԱԿ առաքելութեան տեղակայումը Լաչինի միջանցքին, ԼՂ-ի մէջ նուազագոյնն է, որ միջազգային հանրութիւնը կրնայ ընել». Միրզոյեան

ԱնցնիլՎեր