Մարտ 2-ին խորհրդարանը պիտի քննարկէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը

Խորհրդարանը Մարտ 2-ին պիտի քննարկէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն հարցը: Հրապարակուած է Ազգային ժողովի խորհուրդի որոշումը: Արմէն Սարգսեանը Հայաստանի նախագահի պաշտօնէն հրաժարական տուաւ: Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը նախագահի պաշտօնին առաջադրեց բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Վահագն Խաչատրեանը: Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները թեկնածու չառաջադրեցին` յայտարարելով, որ «որեւէ կերպ չեն մասնակցելու» Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան: Առաջին փուլով ընտրուելու համար թեկնածուին առնուազն 81 պատգամաւորի քուէ հարկաւոր է: Առաջին փուլին իշխանական խմբակցութիւնը ընդդիմութեան կարիքն ունի, բայց նախագահի ընտրութեան երկրորդ ու երրորդ փուլեր կան, ուր իշխանական խմբակցութիւնը անհրաժեշտ ձայները միայնակ կրնայ ապահովել:
1 Մարտի 2022
2 ր. ընթերցում
Մարտ 2-ին խորհրդարանը պիտի քննարկէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը

Խորհրդարանը Մարտ 2-ին պիտի քննարկէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն հարցը: Հրապարակուած է Ազգային ժողովի խորհուրդի որոշումը:

Արմէն Սարգսեանը Հայաստանի նախագահի պաշտօնէն հրաժարական տուաւ: Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը նախագահի պաշտօնին առաջադրեց բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Վահագն Խաչատրեանը: Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները թեկնածու չառաջադրեցին` յայտարարելով, որ «որեւէ կերպ չեն մասնակցելու» Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան:

Առաջին փուլով ընտրուելու համար թեկնածուին առնուազն 81 պատգամաւորի քուէ հարկաւոր է: Առաջին փուլին իշխանական խմբակցութիւնը ընդդիմութեան կարիքն ունի, բայց նախագահի ընտրութեան երկրորդ ու երրորդ փուլեր կան, ուր իշխանական խմբակցութիւնը անհրաժեշտ ձայները միայնակ կրնայ ապահովել:

Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Մաքրոնի հետ
Նախորդ նիւթը

Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Մաքրոնի հետ

Պետական պիւտճէ վերականգնուած է աննախադէպ` շուրջ 15 միլիառ ՀՀ դրամ գումար. ՊԵԿ
Յաջորդ նիւթը

Պետական պիւտճէ վերականգնուած է աննախադէպ` շուրջ 15 միլիառ ՀՀ դրամ գումար. ՊԵԿ

ԱնցնիլՎեր