«Մեկամոլ»-էն տարհանուած է մօտ 350 քաղաքացի

«Մեկամոլ Արմենիա» առեւտուրի կեդրոնին մէջ ռումբերու մասին ահազանգէն ետք փրկարարները եւ ոստիկանութեան աշխատակիցները կ’իրականացնեն տարհանում․ անվտանգ տարածք դուրս բերուած է մօտ 350 քաղաքացի։ «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԻՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։ Փրկարար ծառայութեան եւ ոստիկանութեան խումբերը կ’իրականացնեն ռումբերու որոնման աշխատանքներ։ Նշենք, որ 6 յուլիսին, ժամը 13։30-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ոստիկանութենէն տեղեկութիւն ստացուած է, որ համացնացային հարթակի վրայ հաղորդագրութիւն տարածուած է, որ Երեւանի «Մեկամոլ Արմենիա» առեւտուրի կեդրոնի 1-ին եւ 2-րդ յարկերուն վրայ ռումբեր տեղադրուած են, որոնք ժամը 13։50-ին պիտի պայթին։ Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական
6 Հուլիսի 2020
3 ր. ընթերցում
«Մեկամոլ»-էն տարհանուած է մօտ 350 քաղաքացի

«Մեկամոլ Արմենիա» առեւտուրի կեդրոնին մէջ ռումբերու մասին ահազանգէն ետք փրկարարները եւ ոստիկանութեան աշխատակիցները կ’իրականացնեն տարհանում․ անվտանգ տարածք դուրս բերուած է մօտ 350 քաղաքացի։ «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԻՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։ Փրկարար ծառայութեան եւ ոստիկանութեան խումբերը կ’իրականացնեն ռումբերու որոնման աշխատանքներ։

Նշենք, որ 6 յուլիսին, ժամը 13։30-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ոստիկանութենէն տեղեկութիւն ստացուած է, որ համացնացային հարթակի վրայ հաղորդագրութիւն տարածուած է, որ Երեւանի «Մեկամոլ Արմենիա» առեւտուրի կեդրոնի 1-ին եւ 2-րդ յարկերուն վրայ ռումբեր տեղադրուած են, որոնք ժամը 13։50-ին պիտի պայթին։

Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ, փրկարարական ուժերու վարչութեան յատուկ նշանակութեան փրկարարական աշխատանքներու իրականացման կեդրոնի փրկարարական, հրդեհաշիջման եւ փրկարարական աշխատանքներու կազմակերպման բաժնի դաշտային խումբերը եւ հոգեբանական աջակցութեան բաժնի հրահանգիչը։

Մաշա Մնջոյեանը «Աւստրալիայի ձայնը» նախագիծին կատարած է Հիւսթընի գործերէն մէկը եւ անցած յաջորդ փուլ
Նախորդ նիւթը

Մաշա Մնջոյեանը «Աւստրալիայի ձայնը» նախագիծին կատարած է Հիւսթընի գործերէն մէկը եւ անցած յաջորդ փուլ

«Մէկամոլ»ի ահազանգը կեղծ էր. Որոնման աշխատանքները աւարտած են
Յաջորդ նիւթը

«Մէկամոլ»ի ահազանգը կեղծ էր. Որոնման աշխատանքները աւարտած են

ԱնցնիլՎեր