Մեկնարկած է 2019 թուականի ձմերռնային զօրակոչը

 2019 թուականի ձմեռային զօրակոչը մեկնարկած է Դեկտեմբեր 16-ին: Դեկտեմբեր 16-ին պարտադիր ժամկէտային զինուորական ծառայութեան պիտի մեկնին առաջին նորակոչիկները: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: «Զինուած ուժերու համալրման գործընթացը խստագոյնս կը վերահսկուի ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան, ԶՈւ ԳՇ ղեկավարութեան եւ իրաւապահ մարմիններու կողմէ: Զօրակոչին մասնակցող բոլոր կառոյցներու համակարգուած աշխատանքի եւ հետեւողականութեան, զօրակոչի գործընթացի օրինականութեան եւ թափանցիկութեան ապահովման, քորուփցիոն երեւոյթներու բացառման նպատակով ներդրուած զինծառայութեան վայրի ընտրութեան վիճակահանութեան շնորհիւ զօրակոչային գործընթացի իրականացումը դրուած է բարձր հիմքերու վրայ:   ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ ծառայելը եւ սեփական ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու հայրենիքի պաշտպանութիւնն ապահովելը ՀՀ իւրաքանչիւր քաղաքացիի սահմանադրական պարտքն է: Կոչ կ’ընենք ազգաբնակչութեան սատարելու համապետական նշանակութեան այս միջոցառման իրականացման: Յիշեցնենք, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի հրամանով ՀՀ պաշտպանութեան
16 Դեկտեմբերի 2019
4 ր. ընթերցում
Մեկնարկած է 2019 թուականի ձմերռնային զօրակոչը

 2019 թուականի ձմեռային զօրակոչը մեկնարկած է Դեկտեմբեր 16-ին: Դեկտեմբեր 16-ին պարտադիր ժամկէտային զինուորական ծառայութեան պիտի մեկնին առաջին նորակոչիկները: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

«Զինուած ուժերու համալրման գործընթացը խստագոյնս կը վերահսկուի ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան, ԶՈւ ԳՇ ղեկավարութեան եւ իրաւապահ մարմիններու կողմէ:

Զօրակոչին մասնակցող բոլոր կառոյցներու համակարգուած աշխատանքի եւ հետեւողականութեան, զօրակոչի գործընթացի օրինականութեան եւ թափանցիկութեան ապահովման, քորուփցիոն երեւոյթներու բացառման նպատակով ներդրուած զինծառայութեան վայրի ընտրութեան վիճակահանութեան շնորհիւ զօրակոչային գործընթացի իրականացումը դրուած է բարձր հիմքերու վրայ:  

ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ ծառայելը եւ սեփական ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու հայրենիքի պաշտպանութիւնն ապահովելը ՀՀ իւրաքանչիւր քաղաքացիի սահմանադրական պարտքն է: Կոչ կ’ընենք ազգաբնակչութեան սատարելու համապետական նշանակութեան այս միջոցառման իրականացման:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի հրամանով ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին առընթեր հասարակական խորհուրդի հովանիի ներքոյ ստեղծուած է 2019թ. ձմերռնային զօրակոչի ընթացքին քաղաքացիներու դիմումներու եւ բողոքներու քննարկման յանձնաժողով: Տեղեկութիւններու համար զանգել 010-52-34-82 հեռախօսահամարով: Խաղաղ ծառայութիւն հայրենիքի պաշտպաններուն»,- ըսուած է ՀՀ ՊՆ տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Wizz Air-ը Ապրիլէն թռիչքներ պիտի իրականացնէ դէպի Վիեննա եւ Վիլնիւս. Գիները կը սկսին 25 եւրոյէն
Նախորդ նիւթը

Wizz Air-ը Ապրիլէն թռիչքներ պիտի իրականացնէ դէպի Վիեննա եւ Վիլնիւս. Գիները կը սկսին 25 եւրոյէն

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 11–ին
Յաջորդ նիւթը

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 11–ին

ԱնցնիլՎեր