Յայտնի հեռուստահաղորդավար Կարին Տօնոյեանի որդիին՝ Մենուա Յովհաննիսեանին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը արժանացուցած է «Արցախի հերոս» կոչման:
«Սիրելի ՛ հայրենակիցներ,
Մենուան ընկերներուն հետ Արցախ եկած էր իր մեծ երազանքի ետեւէն՝ հող հայրենին պաշտպանելու եւ անոր յարատեւ գոյութիւնն ապահովելու համար: Անոր հետ ծանօթացայ պատահական, առաջնագիծին: Շփումը կարճ էր, ընդամէնը մէկ օր, բայց շատ տպաւորիչ: Անոր համարձակ պահուածքը, լուսաւոր ու պայծառ միտքերը անմիջապէս գրաւեցին իմ ուշադրութիւնը: Անգամ հասցուցինք խօսիլ յաղթանակէն ետք ընելիքներու մասին: Բայց ծրագիրները անկատար մնացին…
Կարին Տօնոյեանի որդին ինծի համար բացայայտեցի` որպէս իսկական հայ ասպետ, որուն կատարած հերոսական քայլը կանխատեսելի էր մարտի մեկնելու պահէն: Անմահացաւ` յանուն իր երկու անչափահաս բալիկներուն եւ յանուն մեր ժողովուրդի հպարտ ու արժանապատիւ ապագային…
Կը վշտակցիմ անոր ընտանիքին եւ բոլոր հարազատներուն:
Մարտադաշտին մէջ անոր կատարած սխրագործութեան Հայրենիքը արժանի գնահատական կու տայ. Մենուա Յովհաննիսեանը իմ հրամանագրով արժանացած է «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչման:
Կը խոնարհիմ մեր հայրենիքի ազատութեան համար բոլոր ինկածներուն յիշատակին:
Հազա ՛ր փառք մեր ժողովուրդի լաւագոյն զաւակներուն:
Յ.Գ.
Կարդացի Մենուայի մօր՝ Կարին Տօնոյեանի բաց նամակը՝ ուղղուած ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Տիկի՛ն Տօնոյեան, որպէս Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ կ’ուզեմ մեր Հայրենիքի պաշտպաններու անունոց խոստանալ, որ անպայման կը պահենք մեր որդեկորոյս բոլոր մայրերու անունով հնչած Ձեր պատգամը եւ թշնամիին չենք զիջիր մեր Արցախը»,-նախագահ Յարութիւնեանը գրած է ընկերային ցանցի իր էջին:
