Մենք պիտի շարունակենք տնտեսական վերելքի մեր ուղին. Փաշինեան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վստահ է, որ «քորոնա» ժահր համավարակի աւարտէն ետք, Հայաստանը պիտի շարունակէ տնտեսական վերելքի ուղին: Այս մասին վարչապետը ըսած է BBC-ի HARDtalk հաղորդման ընթացքին: «2019 թուականին մենք ունեցանք Եւրոպայի մէջ ամենամեծ տնտեսական աճը։ Տնտեսական յաջողութենէն զատ, մեր երկիրը հսկայական առաջընթաց արձանագրեց միջազգային բոլոր վարկանիշներու գծով` ժողովրդավարութիւն, խօսքի ազատութիւն, դատական համակարգի անկախութիւն, կաշառակերութեան դէմ քաղաքականութիւն։ Երկու տարի շարունակ, միջազգային հեղինակաւոր հանդէսներու կողմէն, Հայաստանը ճանչուեցաւ տարուան երկիր ո՛չ միայն ժողովրդավարութեան առումով, այլեւ տնտեսական ցուցանիշներով։ Ի հարկէ, համավարակային իրավիճակը ընդհատեց մեր թռիչքը, բայց մենք պիտի շարունակենք տնտեսական վերելքի մեր ուղին»,- ըսած է վարչապետ Փաշինեան: Նշենք, որ 2019-ին Հայաստանը արձանագրած է
14 Օգոստոսի 2020
2 ր. ընթերցում
Մենք պիտի շարունակենք տնտեսական վերելքի մեր ուղին. Փաշինեան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վստահ է, որ «քորոնա» ժահր համավարակի աւարտէն ետք, Հայաստանը պիտի շարունակէ տնտեսական վերելքի ուղին: Այս մասին վարչապետը ըսած է BBC-ի HARDtalk հաղորդման ընթացքին:

«2019 թուականին մենք ունեցանք Եւրոպայի մէջ ամենամեծ տնտեսական աճը։ Տնտեսական յաջողութենէն զատ, մեր երկիրը հսկայական առաջընթաց արձանագրեց միջազգային բոլոր վարկանիշներու գծով` ժողովրդավարութիւն, խօսքի ազատութիւն, դատական համակարգի անկախութիւն, կաշառակերութեան դէմ քաղաքականութիւն։ Երկու տարի շարունակ, միջազգային հեղինակաւոր հանդէսներու կողմէն, Հայաստանը ճանչուեցաւ տարուան երկիր ո՛չ միայն ժողովրդավարութեան առումով, այլեւ տնտեսական ցուցանիշներով։ Ի հարկէ, համավարակային իրավիճակը ընդհատեց մեր թռիչքը, բայց մենք պիտի շարունակենք տնտեսական վերելքի մեր ուղին»,- ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

Նշենք, որ 2019-ին Հայաստանը արձանագրած է 7,6 տոկոս տնտեսական աճ` ամենաբարձրը նախորդ 12 տարիներուն ընթացքին։

Եթէ հակառակորդը փոքր արկ մը արձակէ Ստեփանակերտի վրայ, ապա պատասխանը պիտի ստանայ  Կիրովապատի մէջ. Արցախի նախագահ
Նախորդ նիւթը

Եթէ հակառակորդը փոքր արկ մը արձակէ Ստեփանակերտի վրայ, ապա պատասխանը պիտի ստանայ Կիրովապատի մէջ. Արցախի նախագահ

Փաշինեանի հարցազրոյցը Hard Talk-ին. կրնանք խաղաղութեան հասնիլ, եթէ Ատրպէյճանը մեր նոյն ճիգերը գործադրէ
Յաջորդ նիւթը

Փաշինեանի հարցազրոյցը Hard Talk-ին. կրնանք խաղաղութեան հասնիլ, եթէ Ատրպէյճանը մեր նոյն ճիգերը գործադրէ

ԱնցնիլՎեր