Մեր զինուած ուժերը օրէ օր պիտի հզօրանան, մեր ուժը պիտի ըլլայ հակառակորդի համար աւելի մահաբեր. ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 2020-ի գլխաւոր ձեռքբերումներէն կը համարէ նոր սպառազինութիւններն ու սնունդի կազմակերպման նոր համակարգը։ Այս մասին ան յայտնած է ՀՀ կառավարութեան Facebook-ի էջին վրայ հրապարակուած տեսանիւթով, որ նուիրուած է 2019-ի ամփոփման եւ ՀՀ ՊՆ եկող տարուան յաւակնոտ ծրագիրներուն։ Տօնոյեանի խօսքով՝ անցնող տարին նշանաւոր դարձած է նորագոյն սպառազինութիւններու եւ զինուորական սարքերու ձեռքբերումով։ «Մեր զինուած ուժերը օրէ օր պիտի հզօրանան, մեր ուժը պիտի ըլլայ հակառակորդի համար աւելի մահաբեր»,- իր խօսքը աւարտած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը։ 21 դեկտեմբերին Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի կազմաւորման 25-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան ընթացքին եւս Տօնոյեան խօսած է բանակին դրական ընթացքին մասին` դիտել տալով, որ 25 տարուան ընթացքին
23 Դեկտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Մեր զինուած ուժերը օրէ օր պիտի հզօրանան, մեր ուժը պիտի ըլլայ հակառակորդի համար աւելի մահաբեր. ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 2020-ի գլխաւոր ձեռքբերումներէն կը համարէ նոր սպառազինութիւններն ու սնունդի կազմակերպման նոր համակարգը։ Այս մասին ան յայտնած է ՀՀ կառավարութեան Facebook-ի էջին վրայ հրապարակուած տեսանիւթով, որ նուիրուած է 2019-ի ամփոփման եւ ՀՀ ՊՆ եկող տարուան յաւակնոտ ծրագիրներուն։

Տօնոյեանի խօսքով՝ անցնող տարին նշանաւոր դարձած է նորագոյն սպառազինութիւններու եւ զինուորական սարքերու ձեռքբերումով։ «Մեր զինուած ուժերը օրէ օր պիտի հզօրանան, մեր ուժը պիտի ըլլայ հակառակորդի համար աւելի մահաբեր»,- իր խօսքը աւարտած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը։

21 դեկտեմբերին Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի կազմաւորման 25-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան ընթացքին եւս Տօնոյեան խօսած է բանակին դրական ընթացքին մասին` դիտել տալով, որ 25 տարուան ընթացքին ստեղծուած է զինուորական ամբողջական կրթութիւն ստանալու կարելիութիւն` վարժարանէն մինչեւ ռազմական համալսարան:

Հարցախոյզի մասնակցածներուն 85,1 տոկոսը կը վստահի վարչապետ Փաշինեանին
Նախորդ նիւթը

Հարցախոյզի մասնակցածներուն 85,1 տոկոսը կը վստահի վարչապետ Փաշինեանին

Փաշինեան կարեւոր դիտարկումներ կատարեց Արցախի մասին
Յաջորդ նիւթը

Փաշինեան կարեւոր դիտարկումներ կատարեց Արցախի մասին

ԱնցնիլՎեր