Հարցախոյզի մասնակցածներուն 85,1 տոկոսը կը վստահի վարչապետ Փաշինեանին

«GALLUP International Association»-ի իրականացուցած հարցումներու մասնակիցներու 46,6%-ը լիովին կը վստահի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, 38,5%-ն ալ նշած է, որ աւելի շատ կը վստահի: Այս մասին 23 դեկտեմբերին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է «GALLUP International Association»-ի Հայաստանի մէջ լիիրաւ անդամ Էմ Փի ՃԻ ՍՊԸ տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը: «Քաղաքացիներէն խնդրած ենք գնահատել, թէ որքանով կը վստահին ներքոշարադրեալներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին լիովին կը վստահի հարցուածներու 46.6%-ը, աւելի շատ կը վստահի 38,5%-ը, իշխանութիւններուն լիովին կը վստահի 19,4%-ը, աւելի շատ կը վստահի 38,1%-ը, խորհրդարանական ընդդիմութեան լիովին կը վստահի 7%-ը, աւելի շատ կը վստահի` 21,7-ը, իսկ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան լիովին կը վստահի 5,2%-ն, իսկ աւելի շատ կը վստահի 13,6%-ը»,- ըսաած է Նաւասարդեանը: Հարցումները ուղղուած են 9 Նոյեմբերէն 1 Դեկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին, իսկ հարցախոյզին մասնակցած են 1517 քաղաքացիներ:
23 Դեկտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Հարցախոյզի մասնակցածներուն 85,1 տոկոսը կը վստահի վարչապետ Փաշինեանին

«GALLUP International Association»-ի իրականացուցած հարցումներու մասնակիցներու 46,6%-ը լիովին կը վստահի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, 38,5%-ն ալ նշած է, որ աւելի շատ կը վստահի:

Այս մասին 23 դեկտեմբերին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է «GALLUP International Association»-ի Հայաստանի մէջ լիիրաւ անդամ Էմ Փի ՃԻ ՍՊԸ տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը:

«Քաղաքացիներէն խնդրած ենք գնահատել, թէ որքանով կը վստահին ներքոշարադրեալներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին լիովին կը վստահի հարցուածներու 46.6%-ը, աւելի շատ կը վստահի 38,5%-ը, իշխանութիւններուն լիովին կը վստահի 19,4%-ը, աւելի շատ կը վստահի 38,1%-ը, խորհրդարանական ընդդիմութեան լիովին կը վստահի 7%-ը, աւելի շատ կը վստահի` 21,7-ը, իսկ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան լիովին կը վստահի 5,2%-ն, իսկ աւելի շատ կը վստահի 13,6%-ը»,- ըսաած է Նաւասարդեանը:

Հարցումները ուղղուած են 9 Նոյեմբերէն 1 Դեկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին, իսկ հարցախոյզին մասնակցած են 1517 քաղաքացիներ:

Շուէտ չի պատրաստուիր Թուրքիոյ յանձնել հայամէտ Ռակըպ Զարաքօլուն
Նախորդ նիւթը

Շուէտ չի պատրաստուիր Թուրքիոյ յանձնել հայամէտ Ռակըպ Զարաքօլուն

Մեր զինուած ուժերը օրէ օր պիտի հզօրանան, մեր ուժը պիտի ըլլայ հակառակորդի համար աւելի մահաբեր. ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար
Յաջորդ նիւթը

Մեր զինուած ուժերը օրէ օր պիտի հզօրանան, մեր ուժը պիտի ըլլայ հակառակորդի համար աւելի մահաբեր. ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար

ԱնցնիլՎեր