Շուէտ չի պատրաստուիր Թուրքիոյ յանձնել հայամէտ Ռակըպ Զարաքօլուն

Շուէտի Բարձրագոյն դատարանը մերժած է Թուրքիոյ իրաւապահներու պահանջը՝ արտայանձնել յայտնի թուրք հրատարակիչ եւ իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուն։ Թրքական Gazeteduvar–ի փոխանցմամբ՝ Թուրքիան կը պահանջէ Ռակըպ Զարաքօլուն՝ անոր մեղադրելով PKK–ի հետ կապեր ունենալու մէջ։ Դատարանի որոշումը պէտք է հաստատէ նաեւ Շուէտի խորհրդարանը։ Յիշեցնենք, որ Ռակըպ Զարաքօլուն յայտնի իրաւապաշտպան եւ հրատարակիչ է Թուրքիոյ մէջ։ Անոր գլխաւորած «Պելկէ» հրատարկչատան մէջ տպագրուած են Հայոց ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ գիրքեր։ Զարաքօլուն 2011-ի փետրուարին եւ 2013-ի դեկտեմբերին այցելած էր Հայաստան։
23 Դեկտեմբերի 2019
1 ր. ընթերցում
Շուէտ չի պատրաստուիր Թուրքիոյ յանձնել հայամէտ Ռակըպ Զարաքօլուն

Շուէտի Բարձրագոյն դատարանը մերժած է Թուրքիոյ իրաւապահներու պահանջը՝ արտայանձնել յայտնի թուրք հրատարակիչ եւ իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուն։

Թրքական Gazeteduvar–ի փոխանցմամբ՝ Թուրքիան կը պահանջէ Ռակըպ Զարաքօլուն՝ անոր մեղադրելով PKK–ի հետ կապեր ունենալու մէջ։

Դատարանի որոշումը պէտք է հաստատէ նաեւ Շուէտի խորհրդարանը։

Յիշեցնենք, որ Ռակըպ Զարաքօլուն յայտնի իրաւապաշտպան եւ հրատարակիչ է Թուրքիոյ մէջ։ Անոր գլխաւորած «Պելկէ» հրատարկչատան մէջ տպագրուած են Հայոց ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ գիրքեր։ Զարաքօլուն 2011-ի փետրուարին եւ 2013-ի դեկտեմբերին այցելած էր Հայաստան։

Թրքական լիրան կը շարունակէ գահավիժիլ
Նախորդ նիւթը

Թրքական լիրան կը շարունակէ գահավիժիլ

Հարցախոյզի մասնակցածներուն 85,1 տոկոսը կը վստահի վարչապետ Փաշինեանին
Յաջորդ նիւթը

Հարցախոյզի մասնակցածներուն 85,1 տոկոսը կը վստահի վարչապետ Փաշինեանին

ԱնցնիլՎեր