Մեր հաշուարկով Ապրիլեան պատերազմին տարածքային կորուստը եղած է մինչեւ 400 հեքթար. Լեւոն Մնացականեան

Ապրիլեան պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող Ազգային Ժողովի քննիչ յանձնաժողովին, Ապրիլ 27-ին, յանձնաժողովի անդամներու հարցերուն պատասխանած է Արցախի Պաշտպանութեան նախկին նախարար, ներկայիս Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանապետ Լեւոն Մնացականեան: Նիստէն ետք ան անադրադարձած է այն հարցին, թէ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ հայկական կողմի կորսնցուցած տարածքը ինչքան էր ի վերջոյ: «Մեր հաշուարկով՝ մինչեւ 400 հեքթար»,- ըսած է Մնացականեան՝ չպատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ ինչու Ապրիլեան պատերազմէն օրեր ետք Սերժ Սարգսեան յայտարարեց 800 հեկտար տարածք կորսնցնելու մասին: Ան նշած է, որ յանձնաժողովի անդամներուն հետ եղած է անկեղծ, անմիջական պատասխաններ տուած է եւ ներկայացուցած է իրականութիւնը: Հարցին, թէ ի՞նչ բացթողումներ տեղի ունեցած են ապրիլեան պատարեզմի ժամանակ եւ անոնք կրնայի՞ն էական
28 Ապրիլի 2020
5 ր. ընթերցում
Մեր հաշուարկով Ապրիլեան պատերազմին տարածքային կորուստը եղած է մինչեւ 400 հեքթար. Լեւոն Մնացականեան

Ապրիլեան պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող Ազգային Ժողովի քննիչ յանձնաժողովին, Ապրիլ 27-ին, յանձնաժողովի անդամներու հարցերուն պատասխանած է Արցախի Պաշտպանութեան նախկին նախարար, ներկայիս Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանապետ Լեւոն Մնացականեան: Նիստէն ետք ան անադրադարձած է այն հարցին, թէ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ հայկական կողմի կորսնցուցած տարածքը ինչքան էր ի վերջոյ: «Մեր հաշուարկով՝ մինչեւ 400 հեքթար»,- ըսած է Մնացականեան՝ չպատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ ինչու Ապրիլեան պատերազմէն օրեր ետք Սերժ Սարգսեան յայտարարեց 800 հեկտար տարածք կորսնցնելու մասին:

Ան նշած է, որ յանձնաժողովի անդամներուն հետ եղած է անկեղծ, անմիջական պատասխաններ տուած է եւ ներկայացուցած է իրականութիւնը:

Հարցին, թէ ի՞նչ բացթողումներ տեղի ունեցած են ապրիլեան պատարեզմի ժամանակ եւ անոնք կրնայի՞ն էական նշանակութիւն ունենալ պատերազմի ընթացքի համար, ան պատասխանած է՝ ի հարկէ, ոչ:

«Միանշանակ, Պաշտպանութեան բանակը կատարած է իր առջեւ դրուած խնդիրը, յաղթանակած է: Եւ այն թերութիւնները, որոնք կան, ցանկացած տեղ ալ ընելիքներ կան, Պաշտպանութեան բանակը կ’աշխատի այդ ուղղութեամբ: Իմ մասով ալ կար բացթողում»,- աւելցուցած է ան: Լեւոն Մնացականեան ըսած է, որ դեռ չ’ուզեր պատասխանել այն հարցին, թէ հետախուզութեան մասով թերութիւններ եղա՞ծ են ապրիլեան պատերազմի ժամանակ, թէ ոչ:

«Հարցեր կան, որոնք դեռ պէտք է ճշդուին: Յանձնաժողովը կ’որոշէ՝ կարիք կ’ըլլայ նեկայացնելու, կը ներկայացնէ: Մենք մեր խնդիրը կատարած ենք, ի՞նչ ճակատագրական խնդրի մասին է խօսքը»,- նշած է ան: Անդրադառնալով զոհերու մասին հարցին, Մնացականեան ըսած է. «100-է աւելի զոհ չէ եղած, ապրիլ 2-էբ մինչեւ 5-ը եղած է 75 զոհ, որմէ 35-ը ժամկէտային զինծառայող եղած են»:

ԱՄՆ աւելի քան 30 ծերակուտական կ'աջակցի Արցախի նիւթական օգնութեան աւելացման
Նախորդ նիւթը

ԱՄՆ աւելի քան 30 ծերակուտական կ’աջակցի Արցախի նիւթական օգնութեան աւելացման

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 1932-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 1932-ի

ԱնցնիլՎեր