ԱՄՆ աւելի քան 30 ծերակուտական կ’աջակցի Արցախի նիւթական օգնութեան աւելացման

Աւելի քան 30 ամերիկացի ծերակուտական միացած է Ներկայացուցիչներու պալատի 75 անդամի՝ 2021 թուականին Արցախի ֆինանսաւորումն աւելցնելու նախաձեռնութեան․ նիւթական միջոցները կ’առաջարկուի ուղղել ականազերծման եւ անհրաժեշտ վերականգնողական ծառայութիւններու համար։ Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը։ Նամակին մէջ, որ տարածած է ծերակուտական Ռոպերթ Մենենտեսը, կոչ կ’ուղղուի յատկացումներու կոմիտէի երկկուսակցական ղեկավարութեան 2021-ին առնուազն 1,5 միլիոն տոլար յատկացնել Արցախի մէջ ամերիկեան մարդասիրական ծրագրերուն: Նամակը նաեւ խնդրագիր կը պարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տարածքային վերականգնողական ծառայութիւններու ֆինանսաւորման մասին, անոնց համար, որոնք տուժած են ցամաքային ականներէ, ինչպէս նաեւ մարմնական եւ ճանաչողական խանգարումներ ունեցող անձանց համար:
28 Ապրիլի 2020
2 ր. ընթերցում
ԱՄՆ աւելի քան 30 ծերակուտական կ'աջակցի Արցախի նիւթական օգնութեան աւելացման

Աւելի քան 30 ամերիկացի ծերակուտական միացած է Ներկայացուցիչներու պալատի 75 անդամի՝ 2021 թուականին Արցախի ֆինանսաւորումն աւելցնելու նախաձեռնութեան․ նիւթական միջոցները կ’առաջարկուի ուղղել ականազերծման եւ անհրաժեշտ վերականգնողական ծառայութիւններու համար։ Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը։

Նամակին մէջ, որ տարածած է ծերակուտական Ռոպերթ Մենենտեսը, կոչ կ’ուղղուի յատկացումներու կոմիտէի երկկուսակցական ղեկավարութեան 2021-ին առնուազն 1,5 միլիոն տոլար յատկացնել Արցախի մէջ ամերիկեան մարդասիրական ծրագրերուն: Նամակը նաեւ խնդրագիր կը պարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տարածքային վերականգնողական ծառայութիւններու ֆինանսաւորման մասին, անոնց համար, որոնք տուժած են ցամաքային ականներէ, ինչպէս նաեւ մարմնական եւ ճանաչողական խանգարումներ ունեցող անձանց համար:

Շարք մը սահմանափակումներ թուլացուած են. հրապարակուած է ՀՀ պարէտի որոշումը
Նախորդ նիւթը

Շարք մը սահմանափակումներ թուլացուած են. հրապարակուած է ՀՀ պարէտի որոշումը

Մեր հաշուարկով Ապրիլեան պատերազմին տարածքային կորուստը եղած է մինչեւ 400 հեքթար. Լեւոն Մնացականեան
Յաջորդ նիւթը

Մեր հաշուարկով Ապրիլեան պատերազմին տարածքային կորուստը եղած է մինչեւ 400 հեքթար. Լեւոն Մնացականեան

ԱնցնիլՎեր