Շարք մը սահմանափակումներ թուլացուած են. հրապարակուած է ՀՀ պարէտի որոշումը

Հրապարակուած է պարէտի՝ 31 մարտ 2020-ին N 27 որոշման մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու վերաբերեալ որոշումը: «Ղեկավարուելով «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 16 մարտ 2020-ի թիւ 298-Ն որոշմամբ` պարէտի՝ 31 մարտ 2020 -ի «Արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմով պայմանաւորուած Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ տարածքին կիրառուող սահմանափակումներու վերաբերեալ» N 27 որոշման մէջ կատարել հետեւեալ փոփոխութիւններն ու լրացումները՝   1. Յաւելուած N 1-ի 5-րդ կէտը խմբագրել հետեւեալ բովանդակութեամբ՝ «5. Սոյն յաւելուածի 1-ին կէտէն բացառութիւն կը կազմեն՝ 1) Յաւելուած N 2-ով թոյլատրուած՝ բնակութեան, ինքնամեկուսացման կամ աշխատանքի վայրէն քաղաքային բնակավայրերու մէջ առաւելագոյնը 500 մեթր, իսկ գիւղական բնակավայրերու մէջ առաւելագոյնը 1 քիլոմեթր հեռաւորութեան
28 Ապրիլի 2020
4 ր. ընթերցում
Շարք մը սահմանափակումներ թուլացուած են. հրապարակուած է ՀՀ պարէտի որոշումը

Հրապարակուած է պարէտի՝ 31 մարտ 2020-ին N 27 որոշման մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու վերաբերեալ որոշումը:

«Ղեկավարուելով «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 16 մարտ 2020-ի թիւ 298-Ն որոշմամբ` պարէտի՝ 31 մարտ 2020 -ի «Արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմով պայմանաւորուած Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ տարածքին կիրառուող սահմանափակումներու վերաբերեալ» N 27 որոշման մէջ կատարել հետեւեալ փոփոխութիւններն ու լրացումները՝

 

1. Յաւելուած N 1-ի 5-րդ կէտը խմբագրել հետեւեալ բովանդակութեամբ՝ «5. Սոյն յաւելուածի 1-ին կէտէն բացառութիւն կը կազմեն՝

1) Յաւելուած N 2-ով թոյլատրուած՝ բնակութեան, ինքնամեկուսացման կամ աշխատանքի վայրէն քաղաքային բնակավայրերու մէջ առաւելագոյնը 500 մեթր, իսկ գիւղական բնակավայրերու մէջ առաւելագոյնը 1 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող առեւտուրի իրականացման վայրեր եւ անոնցմէ դուրս գործող առեւտուրի կէտեր յաճախելը.

2) Բնակութեան վայրէն ոչ աւելի, քան 1 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ մարզական վարժութիւններ կամ հեծանիւավարութիւն իրականացնելը.

3) Բնակութեան վայրէն ոչ աւելի, քան 1 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ զբօսնելը՝ ոչ աւելի, քան 2 չափահաս անձով կամ ընտանիքի անդամներով:

5.1. 5-րդ կէտով սահմանուած պարագաներուն անհրաժեշտ է սոյն յաւելուածի Ձեւ 2-ով սահմանուած՝ տեղեկութիւնները պարունակող թղթային կամ հեռախօսային յաւելուածի միջոցով լրացուած թերթիկի եւ անձը հաստատող փաստաթուղթի առկայութիւն»:

2. Սոյն որոշումն ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման պահէն»:

Ես չեմ հաւատար այն մարդոց, որոնք ազգային կարգախօսներու ներքոյ ազգը նուաստացուցած եւ միլիառներ վաստակած են. Վարչապետ  Փաշինեան
Նախորդ նիւթը

Ես չեմ հաւատար այն մարդոց, որոնք ազգային կարգախօսներու ներքոյ ազգը նուաստացուցած եւ միլիառներ վաստակած են. Վարչապետ  Փաշինեան

ԱՄՆ աւելի քան 30 ծերակուտական կ'աջակցի Արցախի նիւթական օգնութեան աւելացման
Յաջորդ նիւթը

ԱՄՆ աւելի քան 30 ծերակուտական կ’աջակցի Արցախի նիւթական օգնութեան աւելացման

ԱնցնիլՎեր