Մեր նորօրեայ հերոսները. ՊՆ ներկայացուցած է եւս քանի մը զինծառայողի սխրանքներ, որոնք արժանացած են պետական պարգեւներու

Արցախի ՊԲ-ն կը շարունակէ ներկայացնել այս օրերուն մեծ հերոսութեամբ աչքի ինկած մերօրեայ հերոսները: Ըստ ՊԲ-ի՝ փոխգնդապետ Արայիկ Աւագիմեանը «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանի ներկայացուած խիզախ հայորդիներէն է: Պետական բարձր պարգեւը պիտի ստանայ իւրային հրետանիի հմուտ եւ կազմակերպուած գործողութիւններու, ճշգրիտ հաշուարկներու համար, որոնց շնորհիւ թշնամական ուժերուն պատճառուած են զգալի կորուստներ, կասեցուած են վերջինիս առաջխաղացման փորձերը: Նոյն կարգի պետական պարգեւներով պիտի խրախուսուին սերժանթ Գարիկ Կարէնի Համամեանը՝ թշնամական 2 հրասայլ խոցելու, սերժանթ Հայկ Արկադիի Ամիրջանեանը, շարքային Էտուարտ Արմէնի Սարգսեանը, լեյտենանտ Տիգրան Յարութիւնի Կարապետեանը, սերժանթ Արմէն Եուրիի Աւետիսեանը՝ թշնամական երկուքական հրասայլ խոցելու, եւ աւագ լեյտենանտ Լեւոն Ռոպերթի Ալթունեանը՝ հակառակորդի 3 հրասայլ ոչնչացնելու համար: Փառք մեր քաջարի զինուորականներուն:  
23 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Մեր նորօրեայ հերոսները. ՊՆ ներկայացուցած է եւս քանի մը զինծառայողի սխրանքներ, որոնք արժանացած են պետական պարգեւներու

Արցախի ՊԲ-ն կը շարունակէ ներկայացնել այս օրերուն մեծ հերոսութեամբ աչքի ինկած մերօրեայ հերոսները:

Ըստ ՊԲ-ի՝ փոխգնդապետ Արայիկ Աւագիմեանը «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանի ներկայացուած խիզախ հայորդիներէն է: Պետական բարձր պարգեւը պիտի ստանայ իւրային հրետանիի հմուտ եւ կազմակերպուած գործողութիւններու, ճշգրիտ հաշուարկներու համար, որոնց շնորհիւ թշնամական ուժերուն պատճառուած են զգալի կորուստներ, կասեցուած են վերջինիս առաջխաղացման փորձերը:

Նոյն կարգի պետական պարգեւներով պիտի խրախուսուին սերժանթ Գարիկ Կարէնի Համամեանը՝ թշնամական 2 հրասայլ խոցելու, սերժանթ Հայկ Արկադիի Ամիրջանեանը, շարքային Էտուարտ Արմէնի Սարգսեանը, լեյտենանտ Տիգրան Յարութիւնի Կարապետեանը, սերժանթ Արմէն Եուրիի Աւետիսեանը՝ թշնամական երկուքական հրասայլ խոցելու, եւ աւագ լեյտենանտ Լեւոն Ռոպերթի Ալթունեանը՝ հակառակորդի 3 հրասայլ ոչնչացնելու համար:

Փառք մեր քաջարի զինուորականներուն:

 

Անոնք լոյսը խաւարէն կը զատեն զէնքով, կամքով, կեանքով
Նախորդ նիւթը

Անոնք լոյսը խաւարէն կը զատեն զէնքով, կամքով, կեանքով

Մաքրոն բժշկական օգնութիւն խոստացած է ԼՂ-ի մէջ տուժածներուն
Յաջորդ նիւթը

Մաքրոն բժշկական օգնութիւն խոստացած է ԼՂ-ի մէջ տուժածներուն

ԱնցնիլՎեր