Մէկ օրուան մէջ շուրջ 770 հայորդի վերադարձած են Լեռնային Ղարաբաղ գտնուող իրենց տուները

Ռուս խաղաղապահները ուղեկցած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձող արցախցիներու հերթական հանրակառքերուն: Այս մասին կը հաղորդէ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։ Երեւանէն Ստեփանակերտ հանրակառքերով մէկ օրուան մէջ մեկնած է 778 մարդ: Հանրակառքերու փոխադրութիւնը իրականացուած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի եւ ռազմական ոստիկանութեան պարեկներու ուղեկցութեամբ: Ռուս խաղաղապահներու կողմէ կ’իրականացուի իրավիճակի շուրջօրեայ դիտարկում եւ վերահսկողութիւն՝ հրադադարի ռեժիմի պահպանման նկատմամբ քսանչորս դիտակէտերէ: Ընդհանուր առմամբ Լեռնային Ղարաբաղ մշտական բնակութեան վայրեր վերադարձած են շուրջ 34 հազար 500 տարհանուածներ։
8 Դեկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Մէկ օրուան մէջ շուրջ 770 հայորդի վերադարձած են Լեռնային Ղարաբաղ գտնուող իրենց տուները

Ռուս խաղաղապահները ուղեկցած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձող արցախցիներու հերթական հանրակառքերուն: Այս մասին կը հաղորդէ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Երեւանէն Ստեփանակերտ հանրակառքերով մէկ օրուան մէջ մեկնած է 778 մարդ: Հանրակառքերու փոխադրութիւնը իրականացուած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի եւ ռազմական ոստիկանութեան պարեկներու ուղեկցութեամբ:

Ռուս խաղաղապահներու կողմէ կ’իրականացուի իրավիճակի շուրջօրեայ դիտարկում եւ վերահսկողութիւն՝ հրադադարի ռեժիմի պահպանման նկատմամբ քսանչորս դիտակէտերէ:

Ընդհանուր առմամբ Լեռնային Ղարաբաղ մշտական բնակութեան վայրեր վերադարձած են շուրջ 34 հազար 500 տարհանուածներ։

Մենք Հայաստանի հողերուն վրայ աչք չունինք. Թուրքիոյ ԱԳ նախարար
Նախորդ նիւթը

Մենք Հայաստանի հողերուն վրայ աչք չունինք. Թուրքիոյ ԱԳ նախարար

ՌԱԿ-ի Երախտաւորները. Կարապետ (Կարօ) Պապահէքեան                                                                                      
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ-ի Երախտաւորները. Կարապետ (Կարօ) Պապահէքեան                                                                                     

ԱնցնիլՎեր