«Միասին յաղթահարենք համաճարակը» դրամահաւաքի ծիրէն ներս հաւաքած է 360,000 ԱՄՆ տոլար

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը «Միասին յաղթահարենք համաճարակը» դրամահաւաք արշաւի ծիրէն ներս, այս պահուն, հաւաքած է շուրջ 360,000 ԱՄՆ տոլար գումար, որմէ 230 հազարը արդէն ուղղուած է համաճարակի դէմ պայքարին։ Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է հիմնադրամի ղեկավար՝ Հայկակ Արշամեանը։ «Խորին շնորհակալութիւն մեր 700 անհատ նուիրատուներուն եւ կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ 15 հայկական համայնքներուն` վստահութեան եւ շարունակական աջակցութեան համար։ Համահայկական շարունակական աջակցութեան կրնաք մասնակցիլ մեր առցանց հարթակով՝ www.himnadram.org», – նշած է Արշամեան։
3 Հունիսի 2020
1 ր. ընթերցում
«Միասին յաղթահարենք համաճարակը» դրամահաւաքի ծիրէն ներս հաւաքած է 360,000 ԱՄՆ տոլար

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը «Միասին յաղթահարենք համաճարակը» դրամահաւաք արշաւի ծիրէն ներս, այս պահուն, հաւաքած է շուրջ 360,000 ԱՄՆ տոլար գումար, որմէ 230 հազարը արդէն ուղղուած է համաճարակի դէմ պայքարին։ Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է հիմնադրամի ղեկավար՝ Հայկակ Արշամեանը։

«Խորին շնորհակալութիւն մեր 700 անհատ նուիրատուներուն եւ կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ 15 հայկական համայնքներուն` վստահութեան եւ շարունակական աջակցութեան համար։ Համահայկական շարունակական աջակցութեան կրնաք մասնակցիլ մեր առցանց հարթակով՝ www.himnadram.org», – նշած է Արշամեան։

ԱՀԿ-ն կը զգուշացնէ COVID-19-ի երկրորդ «աւերիչ» ալիքի մասին
Նախորդ նիւթը

ԱՀԿ-ն կը զգուշացնէ COVID-19-ի երկրորդ «աւերիչ» ալիքի մասին

Հայ զինծառայողները դէպի՝ Մոսկուա
Յաջորդ նիւթը

Հայ զինծառայողները դէպի՝ Մոսկուա

ԱնցնիլՎեր