Հայ զինծառայողները դէպի՝ Մոսկուա

Հայկական բանակի 75 զինծառայողներ կը մեկնին Մոսկուա մասնակցելու Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի 75-ամեայ յաղթանակին նուիրուած զօրահանդէսին, «Ազատութեան» ըսած է Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան։ Շարասիւնը, ըստ Ստեփանեանի, պիտի ծածանէ պատերազմի եռակի շքանշանակիր Թամանեանական բաժանմունքի դրօշն ու Հայաստանի եռագոյնը։ Շքերթին մասնակցելու հրաւէր ստացած է նաեւ պաշտպանութեան նախարարը, վերջինիս մասնակցութեան մասին առայժմ չէ հաղորդուած։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 1 յունիսին Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ՝ Փութինի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին, յոյս յայտնած է, որ մինչ այդ ապաքինուած կ’ըլլայ «Քորոնա» ժահրէն եւ կը կարողանայ անձամբ մասնակցիլ միջոցառման։
3 Հունիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայ զինծառայողները դէպի՝ Մոսկուա

Հայկական բանակի 75 զինծառայողներ կը մեկնին Մոսկուա մասնակցելու Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի 75-ամեայ յաղթանակին նուիրուած զօրահանդէսին, «Ազատութեան» ըսած է Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան։

Շարասիւնը, ըստ Ստեփանեանի, պիտի ծածանէ պատերազմի եռակի շքանշանակիր Թամանեանական բաժանմունքի դրօշն ու Հայաստանի եռագոյնը։ Շքերթին մասնակցելու հրաւէր ստացած է նաեւ պաշտպանութեան նախարարը, վերջինիս մասնակցութեան մասին առայժմ չէ հաղորդուած։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 1 յունիսին Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ՝ Փութինի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին, յոյս յայտնած է, որ մինչ այդ ապաքինուած կ’ըլլայ «Քորոնա» ժահրէն եւ կը կարողանայ անձամբ մասնակցիլ միջոցառման։

«Միասին յաղթահարենք համաճարակը» դրամահաւաքի ծիրէն ներս հաւաքած է 360,000 ԱՄՆ տոլար
Նախորդ նիւթը

«Միասին յաղթահարենք համաճարակը» դրամահաւաքի ծիրէն ներս հաւաքած է 360,000 ԱՄՆ տոլար

Յուլիսին պիտի բացուի «Քալաշնիքով» արտադրող հայաստանեան գործարանը
Յաջորդ նիւթը

Յուլիսին պիտի բացուի «Քալաշնիքով» արտադրող հայաստանեան գործարանը

ԱնցնիլՎեր