Միացեալ Նահանգները Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ արագ եւ խաղաղ կերպով թուլացնելու լարուածութիւնը

Միացեալ Նահանգները մտահոգուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի երկայնքով գրանցուող միջադէպերով, յատկապէս՝ Երասխ/Սադարակ հատուածի վերջին դէպքերով: Այդ մասին յայտնած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնը։ «Մենք երկու կողմին կոչ կ’ընենք արագ եւ խաղաղ կերպով թուլացնելու լարուածութիւնը եւ առարկայական բանակցութիւններու վերսկսման տիրոյթ ստեղծելու»,- ըսուած է դեսպանատան դիմատետրեան գրառման մէջ: Յիշեցնենք՝ պաշտպանութեան նախարարութիւնը այսօր տեղեկացուցած է, որ մինչեւ ուշ գիշեր գնդակոծուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանը Երասխի հատուածին մէջ: Նաեւ նշուած է, որ փոխհրաձգութեան հետեւանքով վիրաւոր է գիւղապետը։
20 Հուլիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Միացեալ Նահանգները Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ կ'ընէ արագ եւ խաղաղ կերպով թուլացնելու լարուածութիւնը

Միացեալ Նահանգները մտահոգուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի երկայնքով գրանցուող միջադէպերով, յատկապէս՝ Երասխ/Սադարակ հատուածի վերջին դէպքերով: Այդ մասին յայտնած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնը։

«Մենք երկու կողմին կոչ կ’ընենք արագ եւ խաղաղ կերպով թուլացնելու լարուածութիւնը եւ առարկայական բանակցութիւններու վերսկսման տիրոյթ ստեղծելու»,- ըսուած է դեսպանատան դիմատետրեան գրառման մէջ:

Յիշեցնենք՝ պաշտպանութեան նախարարութիւնը այսօր տեղեկացուցած է, որ մինչեւ ուշ գիշեր գնդակոծուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանը Երասխի հատուածին մէջ: Նաեւ նշուած է, որ փոխհրաձգութեան հետեւանքով վիրաւոր է գիւղապետը։

Արշակ Կարապետեանը նշանակուած է պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ
Նախորդ նիւթը

Արշակ Կարապետեանը նշանակուած է պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ

Հայկ Մարտիրոսեան յաղթեց Ատրպէյճանի ուժեղագոյն ճատրակիստին ու անցաւ յաջորդ փուլ
Յաջորդ նիւթը

Հայկ Մարտիրոսեան յաղթեց Ատրպէյճանի ուժեղագոյն ճատրակիստին ու անցաւ յաջորդ փուլ

ԱնցնիլՎեր