Հայկ Մարտիրոսեան յաղթեց Ատրպէյճանի ուժեղագոյն ճատրակիստին ու անցաւ յաջորդ փուլ

Հայաստանի ճատրակի տղամարդոց հաւաքականի անդամ՝ Հայկ Մարտիրոսեան աշխարհի բաժակի խաղարկութենէն դուրս հանեց Ատրպէյճանի ուժեղագոյն ճատրակ խաղցող Շախրիյար Մամետեարովը: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` Սոչիի մէջ ընթացող ճատրակի աշխարհի բաժակի խաղարկութեան 3-րդ շրջանին Մարտիրոսեան եւ Մամետեարով մրցակցեցան tiebreak-ին, ուր արագ ճատրակի առաջին խաղին Հայկ Մարտիրոսեան սեւ խաղաքարերով պարտութեան մատնեց ատրպէյճանցիին: Արագ ճատրակի երկրորդ խաղը, ուր Մարտիրոսեան կը խաղար սպիտակ խաղաքարերով, աւարտեցաւ ոչ-ոքի: Երկու խաղերու ընդհանուր հաշուով Շախրիյար Մամետեարով դուրս մնաց հետագայ պայքարէն: Կրանտմասթըր Հայկ Մարտիրոսեանի յաջորդ մրցակիցը աշխարհի բաժակի խաղարկութեան 4-րդ շրջանին խրուաթ Անտէ Պրիչն է: Պայքարէն դուրս մնացած են Գաբրիէլ Սարգսեանը, Շանթ Սարգսեանը, Յովհաննէս Գաբուզեանը եւ Էլինա Դանիէլեանը: Իսկ աւելի վաղ յայտնի դարձած
21 Հուլիսի 2021
3 ր. ընթերցում
Հայկ Մարտիրոսեան յաղթեց Ատրպէյճանի ուժեղագոյն ճատրակիստին ու անցաւ յաջորդ փուլ

Հայաստանի ճատրակի տղամարդոց հաւաքականի անդամ՝ Հայկ Մարտիրոսեան աշխարհի բաժակի խաղարկութենէն դուրս հանեց Ատրպէյճանի ուժեղագոյն ճատրակ խաղցող Շախրիյար Մամետեարովը:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` Սոչիի մէջ ընթացող ճատրակի աշխարհի բաժակի խաղարկութեան 3-րդ շրջանին Մարտիրոսեան եւ Մամետեարով մրցակցեցան tiebreak-ին, ուր արագ ճատրակի առաջին խաղին Հայկ Մարտիրոսեան սեւ խաղաքարերով պարտութեան մատնեց ատրպէյճանցիին: Արագ ճատրակի երկրորդ խաղը, ուր Մարտիրոսեան կը խաղար սպիտակ խաղաքարերով, աւարտեցաւ ոչ-ոքի: Երկու խաղերու ընդհանուր հաշուով Շախրիյար Մամետեարով դուրս մնաց հետագայ պայքարէն:

Կրանտմասթըր Հայկ Մարտիրոսեանի յաջորդ մրցակիցը աշխարհի բաժակի խաղարկութեան 4-րդ շրջանին խրուաթ Անտէ Պրիչն է:

Պայքարէն դուրս մնացած են Գաբրիէլ Սարգսեանը, Շանթ Սարգսեանը, Յովհաննէս Գաբուզեանը եւ Էլինա Դանիէլեանը: Իսկ աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան առհասարակ չի մասնակցիր աշխարհի բաժակի խաղարկութեան առողջական խնդիրներու պատճառով: Արոնեան աշխարհի գործող բաժակակիրն է:

Ճատրակի աշխարհի բաժակի խաղարկութիւնը այս տարի տեղի կ’ունենայ ռուսաստանեան Սոչի քաղաքը: Տղամարդոց մրցաշարին կը մասնակցին 206, իսկ կանանց մրցաշարին՝ 103 մասնակից: Այն կ’եզրափակուի Օգոստոս 6-ին:

Միացեալ Նահանգները Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ կ'ընէ արագ եւ խաղաղ կերպով թուլացնելու լարուածութիւնը
Նախորդ նիւթը

Միացեալ Նահանգները Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ արագ եւ խաղաղ կերպով թուլացնելու լարուածութիւնը

ԱՀԿ-ի ղեկավարը նախազգուշացուցած է COVID-19-ի աւելի վտանգաւոր տարբերակի առաջացման սպառնալիքի մասին
Յաջորդ նիւթը

ԱՀԿ-ի ղեկավարը նախազգուշացուցած է COVID-19-ի աւելի վտանգաւոր տարբերակի առաջացման սպառնալիքի մասին

ԱնցնիլՎեր