ԱՀԿ-ի ղեկավարը նախազգուշացուցած է COVID-19-ի աւելի վտանգաւոր տարբերակի առաջացման սպառնալիքի մասին

Աշխարհի մէջ կրնայ «Քորոնա» ժահրի նոր տարբերակ յայտնուիլ, որ աւելի վտանգաւոր կրնայ ըլլալ, քան տելթա տարբերակը, յայտարարած է ԱՀԿ-ի գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուսը՝ ելոյթ ունենալով Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի 138-րդ նստաշրջանին: Ըստ անոր՝ նոր շտամը կրնայ յանգեցնել վարակի հետագայ տարածման ամբողջ աշխարհի մէջ: «Որքան շատ կը տարածուի («Քորոնա» ժահրը-խմբ.), այնքան անոր աւելի շատ տարբերակները կը յայտնուին աւելի վտանգաւոր դառնալու ներուժով, քան տելթան, որ այժմ այդքան վնաս կը հասցնէ։ Եւ որքան շատ տարբերակներ ըլլան, այնքան բարձր է հաւանականութիւնը, որ անոնցմէ մէկը պատուաստանիւթերու ազդեցութեան չեղթարկուի եւ մեզի վերադարձնէ սկզբնական վիճակին», – պարզաբանած է ԱՀԿ-ի ղեկավարը: Կեպրէյեսուսը պարզաբանած է, որ այժմ «աննախադէպ ճգնաժամ» կը
21 Հուլիսի 2021
2 ր. ընթերցում
ԱՀԿ-ի ղեկավարը նախազգուշացուցած է COVID-19-ի աւելի վտանգաւոր տարբերակի առաջացման սպառնալիքի մասին

Աշխարհի մէջ կրնայ «Քորոնա» ժահրի նոր տարբերակ յայտնուիլ, որ աւելի վտանգաւոր կրնայ ըլլալ, քան տելթա տարբերակը, յայտարարած է ԱՀԿ-ի գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուսը՝ ելոյթ ունենալով Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի 138-րդ նստաշրջանին:

Ըստ անոր՝ նոր շտամը կրնայ յանգեցնել վարակի հետագայ տարածման ամբողջ աշխարհի մէջ:

«Որքան շատ կը տարածուի («Քորոնա» ժահրը-խմբ.), այնքան անոր աւելի շատ տարբերակները կը յայտնուին աւելի վտանգաւոր դառնալու ներուժով, քան տելթան, որ այժմ այդքան վնաս կը հասցնէ։ Եւ որքան շատ տարբերակներ ըլլան, այնքան բարձր է հաւանականութիւնը, որ անոնցմէ մէկը պատուաստանիւթերու ազդեցութեան չեղթարկուի եւ մեզի վերադարձնէ սկզբնական վիճակին», – պարզաբանած է ԱՀԿ-ի ղեկավարը:

Կեպրէյեսուսը պարզաբանած է, որ այժմ «աննախադէպ ճգնաժամ» կը նկատուի, որ կը պահանջէ «աննախադէպ միջոցներ:

Հայկ Մարտիրոսեան յաղթեց Ատրպէյճանի ուժեղագոյն ճատրակիստին ու անցաւ յաջորդ փուլ
Նախորդ նիւթը

Հայկ Մարտիրոսեան յաղթեց Ատրպէյճանի ուժեղագոյն ճատրակիստին ու անցաւ յաջորդ փուլ

Ատրպէյճանական զինծառայողները խախտած են Տեղ գիւղի բնակիչներու իրաւունքները. ՀՀ ՄԻՊ
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանական զինծառայողները խախտած են Տեղ գիւղի բնակիչներու իրաւունքները. ՀՀ ՄԻՊ

ԱնցնիլՎեր