ՄԻԵԴ-ը Ատրպէյճանին ժամանակ տուած է մինչեւ 4 Յունիս՝ տեղեկութիւն տալու գերեվարուած 6 հայ զինծառայողու մասին

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Ատրպէյճանին մինչեւ 4 Յունիսը ժամանակ տուած է՝ տեղեկութիւններ տրամադրելու Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածէն գերեվարուած 6 հայ զինծառայողի կարգավիճակի մասին: Այս մասին կը յայտնէ Հանրային հեռուստաընկերութեան «Լուրեր» լրատուականը՝ աւելցնելով, որ Կարմիր Խաչի Պաքուի գրասենեակէն գերեվարուած զինծառայողներուն դեռ չեն այցելած: Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին «Լուրեր»-ուն յայտնած է, որ ամենօրեայ երկխօսութիւն կ’իրականացնեն երկու երկիրներու իշխանութեան հետ՝ գերիներու տեսակցութիւն ապահովելու համար: Կարմի Խաչի ներկայացուցիչներն Ատրպէյճանի մէջ պահուող միւս ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիական անձանց այցելած են, անոնց փոխանցած են ծնողներու տեսաուղերձները: «Այցի գլխաւոր նպատակն է առաջին հերթին գրանցել այս անձանց, այնուհետեւ սկսել պարբերական կերպով տեսակցել՝
1 Հունիսի 2021
4 ր. ընթերցում
ՄԻԵԴ-ը Ատրպէյճանին ժամանակ տուած է մինչեւ 4 Յունիս՝ տեղեկութիւն տալու գերեվարուած 6 հայ զինծառայողու մասին

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Ատրպէյճանին մինչեւ 4 Յունիսը ժամանակ տուած է՝ տեղեկութիւններ տրամադրելու Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածէն գերեվարուած 6 հայ զինծառայողի կարգավիճակի մասին: Այս մասին կը յայտնէ Հանրային հեռուստաընկերութեան «Լուրեր» լրատուականը՝ աւելցնելով, որ Կարմիր Խաչի Պաքուի գրասենեակէն գերեվարուած զինծառայողներուն դեռ չեն այցելած:

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին «Լուրեր»-ուն յայտնած է, որ ամենօրեայ երկխօսութիւն կ’իրականացնեն երկու երկիրներու իշխանութեան հետ՝ գերիներու տեսակցութիւն ապահովելու համար: Կարմի Խաչի ներկայացուցիչներն Ատրպէյճանի մէջ պահուող միւս ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիական անձանց այցելած են, անոնց փոխանցած են ծնողներու տեսաուղերձները:

«Այցի գլխաւոր նպատակն է առաջին հերթին գրանցել այս անձանց, այնուհետեւ սկսել պարբերական կերպով տեսակցել՝ առաջին հերթին ստուգելու պահման պայմանները, այդ անձանց հանդէպ վերաբերմունքը, ինչպէս նաեւ օգնել՝ կապ հաստատել իրենց հարազատների հետ»,-ըսած է Ամատունին:

Յիշեցնենք, որ 27 Մայիսի ի վաղ առաւօտեան ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածին մէջ ճարտարապետական աշխատանքներ կատարելու ժամանակ ատրպէյճանցիները գերեվարած էին 6 հայ զինծառայող:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 27 Մայիսին դիմած էր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ գերեվարուած 6 հայ զինծառայողի հիմնարար իրաւունքներու ապահովման պահանջով:

Այլեւս չեմ կատարում ՀՀ ԱԳՆ մամուլի քարտուղարի պարտականութիւնները. Աննա Նաղտալեան
Նախորդ նիւթը

Այլեւս չեմ կատարում ՀՀ ԱԳՆ մամուլի քարտուղարի պարտականութիւնները. Աննա Նաղտալեան

Չեմ կարծեր, որ Արա Այվազեանի նշած ազգային շահի դէմ գործելու խնդիրը գոյութիւն ունի. Մհեր Գրիգորեան
Յաջորդ նիւթը

Չեմ կարծեր, որ Արա Այվազեանի նշած ազգային շահի դէմ գործելու խնդիրը գոյութիւն ունի. Մհեր Գրիգորեան

ԱնցնիլՎեր