Միլանի քաղաքային խորհուրդը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը

Իտալիոյ Միլան քաղաքի քաղաքային խորհուրդը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը եւ դատապարտած է Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի յարձակումը: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է քաղաքային խորհուրդի անդամ Մաթէօ Ֆորթէն: Քաղաքային խորհուրդին մէջ Արցախի անկախութեան ճանաչման հրատապ միջնորդութիւնը ընդունուած է միաձայն: Միջնորդութեամբ քաղաքային խորհուրդը յանձնարարած է Միլանի քաղաքապետին եւ քաղաքի գործադիր իշխանութիւններուն՝ խնդրել Իտալիոյ ազգային իշխանութիւններէն ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը: «Ճանաչումը կրնայ յանգեցնել ոչ միայն արդարութեան հաստատման, այլ վերջ դնել լռութեան, որ վաղուց դարձած է յանցագործութեան մեղսակցութիւն»,-ըսուած է քաղաքային խորհուրդի որոշման մէջ:  
16 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Միլանի քաղաքային խորհուրդը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը

Իտալիոյ Միլան քաղաքի քաղաքային խորհուրդը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը եւ դատապարտած է Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի յարձակումը: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է քաղաքային խորհուրդի անդամ Մաթէօ Ֆորթէն:

Քաղաքային խորհուրդին մէջ Արցախի անկախութեան ճանաչման հրատապ միջնորդութիւնը ընդունուած է միաձայն: Միջնորդութեամբ քաղաքային խորհուրդը յանձնարարած է Միլանի քաղաքապետին եւ քաղաքի գործադիր իշխանութիւններուն՝ խնդրել Իտալիոյ ազգային իշխանութիւններէն ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը:

«Ճանաչումը կրնայ յանգեցնել ոչ միայն արդարութեան հաստատման, այլ վերջ դնել լռութեան, որ վաղուց դարձած է յանցագործութեան մեղսակցութիւն»,-ըսուած է քաղաքային խորհուրդի որոշման մէջ:  

Գիշերը հրետակոծուած են Մարտունի, Հադրութ քաղաքներն ու 5 գիւղական համայնքներ
Նախորդ նիւթը

Գիշերը հրետակոծուած են Մարտունի, Հադրութ քաղաքներն ու 5 գիւղական համայնքներ

Գնդապետ Վահագն Ասատրեանը՝ Հայաստանի ազգային հերոս․ ՊՆ-ն տեսանիւթ ներկայացուցած է
Յաջորդ նիւթը

Գնդապետ Վահագն Ասատրեանը՝ Հայաստանի ազգային հերոս․ ՊՆ-ն տեսանիւթ ներկայացուցած է

ԱնցնիլՎեր