Կը սպասուի, որ մինչեւ 2020 թուականի վերջ Հայաստանի պետական պարտքը կազմէ 7,3 միլիառ տոլար։ Այս մասին Ազգային ժողովէն ներս 2020 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ժամանակ ըսած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Ատոմ Ջանջուղազեանը։
Հայաստանը բոլոր առումներով կ’որակուի որպէս ցած պետական պարտք ունեցող երկիր։ Հայաստանի կառավարութիւնը յաջորդ տարուան ընթացքին կը նախատեսէ միջոցներ պարտք վերցնել բացառիկ պարագաներու, ըսած է նախարարը։