Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարին հարցադրում յղած է Հայաստանի դէմ ռազմական գործողութիւններու ծրագրի վերաբերեալ

Թուրքիոյ խորհրդարանի պոլսահայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ Զինուած ուժերու՝ Հայաստանի դէմ ռազմական գործողութեան ծրագիր ունենալու վերաբերեալ հարցը բերած է խորհրդարանի օրակարգ: Պոլսահայ պատգամաւորը գրաւոր հարցադիմում ներկայացուցած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարին՝ պահանջելով պատասխանել Հայաստանի դէմ ուղղուած ռազմական ծրագրի վերաբերող շարք մը հարցերու, կը տեղեկացնէ regionmonitor.com-ը: Ըստ պոլսահայ պատգամաւորի՝ «Թուրքիոյ ԶՈՒ-ի Ալթայ ծրագրաւորման հրահանգ եւ Օղուզթիւրք օդային ռազմական գործողութեան ծրագրի» մասին մամուլի մէջ յայտնուած տեղեկութիւնները բաւականին անհանգստացուցած են Հայաստանի ժողովուրդը: Հաշուի առնելով վերոնշեալը՝ Փայլանը Աքարին հետեւեալ հարցերը ուղղած է. «Արդեօ՞ք Թուրքիոյ ԶՈՒ-ն նման փաստաթուղթ ունի: Շահարկումներու առարկայ դարձած ծրագիրը դեռ վաւե՞ր է: Վերոնշեալ ծրագիրը ի՞նչ հիմնաւորմամբ եւ ի՞նչ նպատակով կազմուած
6 Դեկտեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարին հարցադրում  յղած է Հայաստանի դէմ ռազմական գործողութիւններու ծրագրի վերաբերեալ

Թուրքիոյ խորհրդարանի պոլսահայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ Զինուած ուժերու՝ Հայաստանի դէմ ռազմական գործողութեան ծրագիր ունենալու վերաբերեալ հարցը բերած է խորհրդարանի օրակարգ: Պոլսահայ պատգամաւորը գրաւոր հարցադիմում ներկայացուցած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարին՝ պահանջելով պատասխանել Հայաստանի դէմ ուղղուած ռազմական ծրագրի վերաբերող շարք մը հարցերու, կը տեղեկացնէ regionmonitor.com-ը:

Ըստ պոլսահայ պատգամաւորի՝ «Թուրքիոյ ԶՈՒ-ի Ալթայ ծրագրաւորման հրահանգ եւ Օղուզթիւրք օդային ռազմական գործողութեան ծրագրի» մասին մամուլի մէջ յայտնուած տեղեկութիւնները բաւականին անհանգստացուցած են Հայաստանի ժողովուրդը:

Հաշուի առնելով վերոնշեալը՝ Փայլանը Աքարին հետեւեալ հարցերը ուղղած է.

  1. «Արդեօ՞ք Թուրքիոյ ԶՈՒ-ն նման փաստաթուղթ ունի: Շահարկումներու առարկայ դարձած ծրագիրը դեռ վաւե՞ր է:
  2. Վերոնշեալ ծրագիրը ի՞նչ հիմնաւորմամբ եւ ի՞նչ նպատակով կազմուած է:
  3. Ջանքեր պիտի գործադրէ՞ք Հայաստանի ժողովուրդի մօտ այս պնդումներու հետեւանքով առաջացած անհանգստութիւնը մեղմելու եւ խաղաղութեանն ուղղուած ակնկալիքները վերականգնելու համար»:
Մինչեւ 2020 թուականի վերջ Հայաստանի պետական պարտքը պիտի կազմէ 7,3 միլիառ տոլար
Նախորդ նիւթը

Մինչեւ 2020 թուականի վերջ Հայաստանի պետական պարտքը պիտի կազմէ 7,3 միլիառ տոլար

Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը զիջման ընթակայ չէ. Զոհրապ Մնացականեանի ելոյթը ԵԱՀԿ համաժողովին
Յաջորդ նիւթը

Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը զիջման ընթակայ չէ. Զոհրապ Մնացականեանի ելոյթը ԵԱՀԿ համաժողովին

ԱնցնիլՎեր