Միջազգային հանրութեան այլ ընտրութիւն չի մնար, քան ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը. ԱՄՆ ծերակուտական

ԱՄՆ-ի ծերակուտական Էտ Մարքին կրկին անդրադարձած է Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին ու հակամարտութեան սրման: «Եթէ Ատրպէյճանը շարունակէ հակամարտութիւնը լուծելու համար անօրինական ռազմական ուժ կիրառելու փորձերը, միջազգային հանրութեան այլ տարբերակ չի մնար, քան Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչնալը»,- նշած է ան: «Թուիթըրի» իր էջին Մարքին դիմած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյին՝ յորդորելով ջանքեր գործադրելու՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ կրակի անյապաղ դադարեցման հասնելու եւ խնդրի կարգաւորման բանակցութիւններու միջոցով հասնելու համար: «Քանի որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ հակամարտութիւնը ապօրինի ռազմական ուժի միջոցով լուծելու իր փորձերը, միջազգային հանրութեան այլ ընտրութիւն չի մնար, քան անցնիլ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման՝ կառուցողական բանակցութիւններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ»,- ըսած է
21 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Միջազգային հանրութեան այլ ընտրութիւն չի մնար, քան ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը. ԱՄՆ ծերակուտական

ԱՄՆ-ի ծերակուտական Էտ Մարքին կրկին անդրադարձած է Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին ու հակամարտութեան սրման:

«Եթէ Ատրպէյճանը շարունակէ հակամարտութիւնը լուծելու համար անօրինական ռազմական ուժ կիրառելու փորձերը, միջազգային հանրութեան այլ տարբերակ չի մնար, քան Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչնալը»,- նշած է ան:

«Թուիթըրի» իր էջին Մարքին դիմած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյին՝ յորդորելով ջանքեր գործադրելու՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ կրակի անյապաղ դադարեցման հասնելու եւ խնդրի կարգաւորման բանակցութիւններու միջոցով հասնելու համար:

«Քանի որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ հակամարտութիւնը ապօրինի ռազմական ուժի միջոցով լուծելու իր փորձերը, միջազգային հանրութեան այլ ընտրութիւն չի մնար, քան անցնիլ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման՝ կառուցողական բանակցութիւններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ»,- ըսած է ծերակուտականը:

Հայաստանի մէջ երեխայի մահուան առաջին դէպքը արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրէն
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ երեխայի մահուան առաջին դէպքը արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրէն

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը մեկնած է Մոսկուա
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը մեկնած է Մոսկուա

ԱնցնիլՎեր