Միրզոեանն ու Պորելը քննարկած են հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացները

25 Յունուարին, Աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական միութեան արտաքին գործերու ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի հետ: Հանդիպման ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու վերաբերեալ։ Նախարար Միրզոյեան բարձր գնահատած է Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան քաղաքացիական մշտադիտարկման առաքելութեան տեղակայման մասին որոշումը։ Արարատ Միրզոյեան Ժոզեփ Պորելի ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին: Շեշտուած է, որ Ատրպէյճանը, 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու համաձայն, անյապաղ պէտք է դադրեցնէ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը։ Հայկական կողմը կարեւորած է միջազգային հանրութեան կողմէ գործուն քայլերու իրականացումը՝
26 Հունվարի 2023
4 ր. ընթերցում
Միրզոեանն ու Պորելը քննարկած են հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացները

25 Յունուարին, Աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական միութեան արտաքին գործերու ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի հետ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու վերաբերեալ։ Նախարար Միրզոյեան բարձր գնահատած է Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան քաղաքացիական մշտադիտարկման առաքելութեան տեղակայման մասին որոշումը։

Արարատ Միրզոյեան Ժոզեփ Պորելի ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին: Շեշտուած է, որ Ատրպէյճանը, 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու համաձայն, անյապաղ պէտք է դադրեցնէ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը։

Հայկական կողմը կարեւորած է միջազգային հանրութեան կողմէ գործուն քայլերու իրականացումը՝ Լեռնային Ղարաբաղը էթնիկ զտումներու ենթարկելու Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը կանխարգիլելու համար։

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարը եւ Եւրոմիութեան բարձր ներկայացուցիչը քննարկած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շուրջ զարգացումները:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:

Հանդիպման օրակարգին մէջ եղած են նաեւ Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան հետագայ զարգացման առնչուող հարցեր:

Պոլսոյ հայկական կաթողկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին 19–րդ դարուն կանխած է տարածուող ժանտախտը. Hurriyet
Նախորդ նիւթը

Պոլսոյ հայկական կաթողկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին 19–րդ դարուն կանխած է տարածուող ժանտախտը. Hurriyet

Մուշեղ Մուրատեանը՝ Շիրակի նոր մարզպետ
Յաջորդ նիւթը

Մուշեղ Մուրատեանը՝ Շիրակի նոր մարզպետ

ԱնցնիլՎեր