Միրզոյեանն ու Լաւրովը քննարկած են հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման հարցը

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Սերգէյ Լաւրովը քննարկած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման խնդիրները։ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ այսօր՝ 10 փետրուարին, տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյց, որու ընթացքին նախարարները միտքեր փոխանակած են երկկողմ օրակարգի շարք մը արդիական հարցերու շուրջ՝ յայտնելով Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու ամրապնդման փոխադարձ պատրաստակամութիւնը: Ռուսական կողմը կարեւորած է ամենաբարձր մակարդակով ստորագրուած եռակողմ համաձայնագրերու կատարման աշխատանքներու արագ վերսկսումը՝ ներառեալ բոլոր փոխադրային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատումն ու սահմանագծումը, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի յարաչափերու համաձայնեցումը:
10 Փետրվարի 2023
2 ր. ընթերցում
Միրզոյեանն ու Լաւրովը քննարկած են հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման հարցը

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Սերգէյ Լաւրովը քննարկած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման խնդիրները։

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ այսօր՝ 10 փետրուարին, տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյց, որու ընթացքին նախարարները միտքեր փոխանակած են երկկողմ օրակարգի շարք մը արդիական հարցերու շուրջ՝ յայտնելով Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու ամրապնդման փոխադարձ պատրաստակամութիւնը:

Ռուսական կողմը կարեւորած է ամենաբարձր մակարդակով ստորագրուած եռակողմ համաձայնագրերու կատարման աշխատանքներու արագ վերսկսումը՝ ներառեալ բոլոր փոխադրային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատումն ու սահմանագծումը, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի յարաչափերու համաձայնեցումը:

Պապիկեան եւ Շոյկու քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր
Նախորդ նիւթը

Պապիկեան եւ Շոյկու քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր

Շրջափակուած Արցախը օգնութեան ձեռք կը մեկնէ Սուրիոյ հայ համայնքին. կազմակերպուած է դրամահաւաք
Յաջորդ նիւթը

Շրջափակուած Արցախը օգնութեան ձեռք կը մեկնէ Սուրիոյ հայ համայնքին. կազմակերպուած է դրամահաւաք

ԱնցնիլՎեր