Միրզոյեանն ու Լաւրովը քննարկած են տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը նոյեմբեր 1-ին հեռախօսազրոյց ունեցած են: Այս մասին յայտնած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական կայքը: Նախարարները քննարկած են Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի եւ 2021 թուականի յունուար 11-ի պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին վերաբերող հարցեր՝ հաշուի առնելով այն, որ կը լրանայ լիակատար զինադադարին ուղղուած նոյեմբերեան եռակողմ փաստաթուղթի մէկ տարին: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է մարդասիրական՝ պահուող անձանց վերադարձի, ականապատ տարածքներու քարտէզներու տրամադրման, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման հրատապ խնդիրներու լուծման: Երկու երկիրներու ԱԳ ղեկավարները «ճշգրտած են ժամերը» հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութեան վերացման, Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրային եւ տնտեսական բոլոր կապերու ապաշրջափակման, տարածաշրջանային համագործակցութեան համար բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու վերաբերեալ հարցերու շուրջ:  Ընդգծուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային միջադէպերու քաղաքական եւ  դիւանագիտական կարգաւորմանն
1 Նոյեմբերի 2021
4 ր. ընթերցում
Միրզոյեանն ու Լաւրովը քննարկած են տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը նոյեմբեր 1-ին հեռախօսազրոյց ունեցած են: Այս մասին յայտնած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական կայքը:

Նախարարները քննարկած են Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի եւ 2021 թուականի յունուար 11-ի պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին վերաբերող հարցեր՝ հաշուի առնելով այն, որ կը լրանայ լիակատար զինադադարին ուղղուած նոյեմբերեան եռակողմ փաստաթուղթի մէկ տարին: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է մարդասիրական՝ պահուող անձանց վերադարձի, ականապատ տարածքներու քարտէզներու տրամադրման, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման հրատապ խնդիրներու լուծման:

Երկու երկիրներու ԱԳ ղեկավարները «ճշգրտած են ժամերը» հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութեան վերացման, Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրային եւ տնտեսական բոլոր կապերու ապաշրջափակման, տարածաշրջանային համագործակցութեան համար բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու վերաբերեալ հարցերու շուրջ:

 Ընդգծուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային միջադէպերու քաղաքական եւ  դիւանագիտական կարգաւորմանն ուղղուած ջանքերու շարունակականութեան կարեւորութիւնը: Անդրադարձ կատարուած է հայ-ռուսական համագործակցութեան արդիական հայեցակէտերուն՝ հաշուի առնելով տարբեր մակարդակներով առաջիկայ երկկողմ շփումները: 

Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի առնչութեամբ քրէական գործերով կը հետապնդուի շուրջ 4 տասնեակ անձ. գլխաւոր դատախազ
Նախորդ նիւթը

Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի առնչութեամբ քրէական գործերով կը հետապնդուի շուրջ 4 տասնեակ անձ. գլխաւոր դատախազ

Աշխարհի մէջ COVID-19-էն մահացածներու թիւը գերազանցած է 5 միլիոնը
Յաջորդ նիւթը

Աշխարհի մէջ COVID-19-էն մահացածներու թիւը գերազանցած է 5 միլիոնը

ԱնցնիլՎեր