Միրզոյեան եւ Փաուըր քննարկած են միացեալ նոր ծրագիրներու կարելիութիւնները

Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 2 Մայիսին հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) կառավարիչ Սամանթա Փաուըրի հետ: Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու վրայ հիմնուած հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման համար: Արարատ Միրզոյեան կարեւոր նկատեց Միջազգային զարգացման գործակալութեան աջակցութիւնը շարք մը ոլորտներու մէջ, մասնաւորապէս՝ փտածութեան դէմ պայքարի, արդարադատութեան եւ ոստիկանութեան բնագաւառներուն մէջ Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու նախաձեռնութիւններուն: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ համագործակցութեան ծիրին մէջ, USAID-ի կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող նորարարական եւ կայուն զարգացման ծրագիրներուն՝ նպաստելու երկրին մէջ ժողովրդավարական զարգացման, տնտեսական աճի եւ ուժանիւթի անվտանգութեան ամրապնդման, ընկերային ոլորտներու մէջ բարեփոխումներու իրականացման: Քննարկուեցան նաեւ համագործակցութեան
3 Մայիսի 2022
4 ր. ընթերցում
Միրզոյեան եւ Փաուըր քննարկած են միացեալ նոր ծրագիրներու կարելիութիւնները

Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 2 Մայիսին հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) կառավարիչ Սամանթա Փաուըրի հետ:

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու վրայ հիմնուած հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման համար:

Արարատ Միրզոյեան կարեւոր նկատեց Միջազգային զարգացման գործակալութեան աջակցութիւնը շարք մը ոլորտներու մէջ, մասնաւորապէս՝ փտածութեան դէմ պայքարի, արդարադատութեան եւ ոստիկանութեան բնագաւառներուն մէջ Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու նախաձեռնութիւններուն:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ համագործակցութեան ծիրին մէջ, USAID-ի կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող նորարարական եւ կայուն զարգացման ծրագիրներուն՝ նպաստելու երկրին մէջ ժողովրդավարական զարգացման, տնտեսական աճի եւ ուժանիւթի անվտանգութեան ամրապնդման, ընկերային ոլորտներու մէջ բարեփոխումներու իրականացման:

Քննարկուեցան նաեւ համագործակցութեան ընդլայնման եւ համատեղ նոր ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւնները:

Նախարար Միրզոյեան զրուցակիցին ներկայացուց 44օրեայ պատերազմին պատճառով յառաջացած մարդասիրական հարցերը: Այս պարունակին մէջ յատկապէս ընդգծուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ պատանդառութեան մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու հայրենադարձութեան անհրաժեշտութիւնը:

Միջազգային հանրութեան պատշաճ արձագանգի պարագային կրնան կանխուիլ հետագայ ցեղասպանութիւնները. Լիլիթ Մակունց
Նախորդ նիւթը

Միջազգային հանրութեան պատշաճ արձագանգի պարագային կրնան կանխուիլ հետագայ ցեղասպանութիւնները. Լիլիթ Մակունց

Հայաստանի ԱԽ քարտուղարի եւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնականի հանդիպում՝ Պրիւքսէլի մէջ
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի ԱԽ քարտուղարի եւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնականի հանդիպում՝ Պրիւքսէլի մէջ

ԱնցնիլՎեր